Անցած Ապրիլ ամսուան 12-ին նշուեցաւ «Զանգեզուր» պարախումբի 50-ամեակը։
Այս առիթով «Արեւ»-ի 11 Ապրիլ թիւին մէջ հրատարակուեցան Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Աշոտ Ս. Մնացականեանի օրհնութեան ու շնորհաւորութեան գիրը, Կոկանեան Սրահի Վարչութեան սրտի խօսքն ու «Զանգեզուր» պարախումբին վերաբերող պատմական ակնարկ մը։
Իսկ «Արեւ»-ի 18 Ապրիլ թիւին մէջ մանրամասնօրէն անդրադարձանք պարախումբի 50-ամեակին նուիրուած մեծաշուք ելոյթին։
Արդարեւ, «Զանգեզուր» պարախումբի յիսնամեակին նուիրուած այս նշումներուն շարքին մէջ, մեծ պատիւ, հաճոյք եւ անպայմանօրէն՝ անհրաժեշտութիւն մը սեպեցինք հանդիպիլ ելոյթին ներկայ գտնուելու միակ առիթը ունեցող պարախումբի հիմնադրողներէն, Կոկանեան Սրահի Ցկեանս Պատուոյ Նախագահ՝ Տիար Կարպիս Եազըճեանի հետ։
***********************
Հ.- Յարգելի Պր. Կարպիս Եազըճեան, 1969-ին, որպէս Կոկանեան Սրահի Վարչութեան անդամ, «Զանգեզուր» պարախումբի հիմնադրողներէն մէկն էիք։ Որպէս սկիզբ, ի՞նչ կ‘ուզէք ըսել պարախումբի 50-ամեակին առիթով։
Պ.- Որպէս սկիզբ, անհրաժեշտ կը համարեմ, «Զանգեզուր» պարախումբի հիմնադիր՝ Հայ Գեղարուեստասիրաց Միութեան եւ Կոկանեան Սրահի վարչութեանց անդամները մէկ առ մէկ նշել։
Այսպէս, 1969-1970 թուականներուն, «Զանգեզուր»
պարախումբի հիմնադիր՝
Հայ Գեղարուեստասիրաց Միութեան Վարչութեան անդամներն էին. ատենապետ՝ Վահագն Տեփոյեան, փոխ ատենապետ՝ Լորիս Գայսէրլեան, ատենադպիր՝ Սարգիս Մ. Սարգիսեան, գանձապահ՝ Ներսէս Պետրոսեան, խորհրդականներ՝ Նուարդ Աւագեան (ի կեանս), Աւետիս Եափուճեան, Եդուարդ Զարդարեան, Նորայր Տէօվլէթեան, Գրիգոր Փարթամեան, Տիգրան Քիրեմիտճեան եւ Ալիս Տեփոյեան։
Նոյն շրջանին, Կոկանեան Սրահի Վարչութեան կազմը հետեւեալն էր. ատենապետ՝ Անդրանիկ Մեսրոպեան, փոխ ատենապետ՝ Յակոբ Համբիկեան, ատենադպիր՝ նուաստս, գանձապահ՝ Շանթ Քէհեայեան, խորհրդականներ՝ Յակոբ Մարգարեան, Արամ Ալեքսանեան, Հերմինէ Սետեֆճեան, Սիմոն Ստեփանեան եւ Վարդգէս Թերզիպաշեան։
Փառք Ամենակալի ողորմածութեան, որ այս երկու վարչութեանց անդամներէն դեռ մնացած եմ, ճիշդ է, յառաջացած տարիքով եւ խաթարուած ֆիզիքականով, բայց շատ ուրախ եմ որ «Զանգեզուր»-ի 50-ամեակի փառապանծ նշումին կրցայ մասնակցիլ։
Հ.-Ի՞նչ էին Ձեր տպաւորութիւնները 50-ամեակի ելոյթին կապակցութեամբ։
Պ.- Շատ լաւ տպաւորուած եմ։ Այդ ելոյթը սիրողական պարախումբի մը ելոյթ չէր, այլ կարծես արհեստավարժ խումբի մը բնոյթը կատարելապէս ունեցող ելոյթ մը, որպէս երաժշտութիւն, զգեստաւորում, պարերու գեղեցկութիւն եւ կատարողականութիւն, պարուսոյց՝ Էլեն Մարտիրոսեանի ղեկավարութեամբ։ Հպարտութեամբ կ’ըսեմ որ շատ գնահատելի էր երիտասարդներուն Բացառիկ ելոյթը։
Առանձնապէս կ’ուզեմ
ուրախութիւնս յայտնել Աղեքսանդրիոյ «Տիգրան Երկաթ» Մշակութային Միութեան Ատենապետուհի՝ Տիկին Աստղիկ Ալեքսանեան-Փափազեանի նախաձեռնութեամբ կազմուած 23 հոգինոց պարախումբին, յիսնամեակի ելոյթին իրենց գնահատելի մասնակցութեան համար եւ նաեւ անոնց քաջալերելու համար, Աղեքսանդրիայէն եկած հոծ բազմութեան ոգեւորող ներկայութեան համար։
Հ.- Պարախումբի հիմնադրողներէն, ելոյթին միակ ներկան էիք, վստահ ենք որ ձեր յուզմունքը սովորական չէր։ Ի՞նչպէս կ’արտայայտէք ձեր խոհերը այս կապակցութեամբ։
Պ.- Հայահոծ շատ համայնքներու մէջ պարախումբեր գոյութիւն ունեցած են անշուշտ, երբեմն պահպանուած, երբեմն ալ՝ ոչ, բայց ես հպարտութեամբ, աւելի ճիշդ՝ ազնիւ հպարտութեամբ պիտի ըսեմ որ մեր նօսրացած համայնքին մէջ, կարողացած ենք սիրողական պարախումբի մը գոյութիւնը պահպանել, ամբողջ յիսուն տարիներ։
Շատեր ինծի հարց տուած են թէ՝ ինչպէ՞ս եղաւ այս մէկը։ Պատասխանը շատ պարզ է. իրերայաջորդ վարչութիւններ, ցայսօր, ազգապահպանման եւ հայ մշակոյթի պանծացման ու գոյատեւման յստակ տեսլականով, ամէն ճիգ ի գործ դրած են, ամէն խոչընդոտ յաղթահարած են որ այս պարախումբը գոյատեւէ։
Ինչպէս ըսի, Սփիւռքի մէջ շատ պարախումբեր գոյութիւն ունեցած են, սակայն չիկայ ուրիշ որեւէ սիրողական պարախումբ, որ յիսուն տարի իր գոյութիւնը յաջողած է պահպանել։ Մեզի համար հպարտութիւն մըն է ասիկա։
Հ.- Ի՞նչ կրնաք յիշել մեզի պարախումբի հիմնադրման մանրամասնութիւններէն։
Պ.- 1969-ի երկրորդ կէսին էր, երբ Գահիրէի Գեղարուեստի Ակադեմիայի Պալէի հիմնարկի դասախօսուհի, հայրենի պարուսոյց՝ Լէոնորա Գրիգորեանը սիրայօժար սկսաւ եւ միշտ ալ սիրայօժար շարունակեց մարզել խումբ մը երիտասարդներ, որոնք հրաւիրուած էին Հ.Գ. Միութեան եւ Կոկանեան Սրահի վարչութիւններուն կողմէ, պարախումբ մը կազմելու համար։
Հաւաքուած երիտասարդներուն թիւը մօտաւորապէս 15 էր, բայց շուտով բազմացաւ եւ 1970-ին, վերոյիշեալ զոյգ վարչութիւնները որոշեցին անուն մը տալ այս նորաստեղծ ու հետզհետէ թիւով բազմացող պարախումբին. որոշուեցաւ պարախումբը «Զանգեզուր» կոչել։
Հ.- Ինչպէ՞ս կ’ընթանային պարախումբին փորձերը։
Պ.- Փորձերը կ’ընթանային հետեւեալ ձեւով. շաբաթը մէկ անգամ Կոկանեան Սրահի եւ մէկ անգամ ալ Հայ Գեղարուեստասիրաց Միութեան մէջ։
Պարախումբը առաջին անգամ պաշտօնապէս ելոյթ ունեցաւ 1971- ին։
Ապա, գրեթէ ամէն տարի ելոյթ մը կը տրուէր, մինչեւ որ շրջան մը վերջ, պարախումբի բոլոր պարողներուն թիւը, մանուկ, պատանի եւ երիտասարդ, հասած էր մօտ 70-ի. այս մեծ թիւը պահպանուեցաւ մինչեւ 1975, Լէոնորա Գրիգորեանի հայրենիք վերադարձը։
Այդ թուականէն վերջ, այլ պարուսոյցներ եկան, բայց ժամանակաւոր ձեւով։
Յստակ է որ այս տարիներուն ընթացքին, միշտ ալ ընդհատումներով կարելի եղաւ պահպանել պարախումբին գոյութիւնը, որովհետեւ նիւթական եւ թէքնիք դժուարութիւններ շատ էին։
Նիւթական դժուարութիւն ըսելով, այստեղ անպայման կ’ուզեմ նշել որ պարախումբին ելոյթները միշտ ալ եղած են անվճառ, եւ որ սկզբնական շրջանին, «Զանգեզուր» պարախումբի բոլոր ծախսերը կը բաւարարուէին ազգայիններու նուիրատուութիւններով եւ ՀԲԸՄ-ի նիւթական օժանդակութեամբ։ Անշուշտ որ մենք միշտ, հրապարակաւ մեր շնորհակալութիւնն ու երախտիքը յայտնած ենք մեր բոլոր նուիրատուներուն։
Իսկ այսօր յստակ է որ Գահիրէի Ազգային Իշխանութիւնն է որ «Զանգեզուր» պարախումբը ամբողջովին կ’օժանդակէ։
Ուրեմն, Մեր սրտագին շնորհակալութիւնը Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Աշոտ Սրբազանի նախագահութեամբ՝ Գահիրէի Ազգային Իշխանութեան, որուն նիւթական ներդրումով կարելի եղաւ ամէն տեսակի դժուարութիւն յաղթահարել եւ այսպիսի մեծարժէք յիսնամեակ մը կազմակերպել։
Հ.- Ամենասկիզբէ՞ն պարախումբի կազմին մէջ մանուկներ եւ երեխաներ եղած են։
Պ.- Առաջին ելոյթին պարողները միայն երիտասարդներ էին։
Այդ ելոյթէն վերջ, արդէն մանուկներ եղան եւ այդպէս ալ մնաց մինչեւ այսօր։
Հ. – Որպէս պարախումբի հիմնադիր վարչական, ձեր սկզբնական շրջանի գործունէութեան մասին ի՞նչ կ’ըսէք։
Պ.- Կրնամ ըսել, առանց ինքնագովութեան, որ 1970-ին, «Զանգեզուր»-ի հիմնադիր զոյգ վարչութիւններու որոշումով, պարախումբի վարչական պատասխանատու նշանակուեցայ եւ այդ պաշտօնը շարունակեցի վարել մինչեւ Լէոնորա Գրիգորեանի մեկնումը։
Այդ թուականէն վերջ, ուրիշներ շարունակեցին այդ վարչական պարտականութիւնը, իմ բազմազբաղ ըլլալուս պատճառով. այդ թուականին էր որ նախապէս ունեցած իմ պատասխանատուութիւններուս վրայ աւելցաւ ամուսնութիւնս, Կոկանեան Սրահի ատենապետութիւնը եւ նաեւ համագործակցական Ազգային Իշխանութիւն մը հաստատելու դժուար աշխատանքը…։
Այնուամենայնիւ, որպէս պարախումբի պատասխանատու վարչական, շատ լաւ կը յիշեմ որ իւրաքանչիւր ելոյթէ առաջ, մեր զոյգ ակումբներու տիկինները քով քովի գալով, այսօրուան «Սարուխան» լսարանէն ներս, ամբողջովին իրենք կ’ընէին պարախումբի տարազները պատրաստելու՝ ձեւելու, կարելու, վրայի զարդերն ու նախշերը դնելու մանրակրկիտ աշխատանքը, գեղեցիկ աւանդոյթ մը, որ կը շարունակուի մինչ այսօր։
Հ.- «Զանգեզուր» պարախումբի 50-ամեակին նուիրուած ելոյթին, դուք յանձնեցիք ելոյթի տարազներու իրագործման ընդհանուր պատասխանատու՝ Տիկին Զապէլ Տեփոյեանին յուշանուէրը։ Ի՞նչ կ’ըսէք այդ մասին։
Պ.- Վերջին տարիներուն, փառք Տիրոջ մեր նիւթական միջոցները աւելի լաւ ըլլալուն պատճառով, ինչպէս քիչ առաջ ըսի, այդ գեղեցիկ աւանդոյթը շարունակուելով հանդերձ, ելոյթի տարազներուն պատրաստման աշխատանքը առաւելաբար արհեստավարժ կարողներ կ’ընեն, բայց այնուամենայնիւ, առանց թերագնահատելու այս բծախնդիր գործին սիրայօժար սատարող նուիրեալ մեր բոլոր տիկինները, ես պիտի առանձնացնեմ Տիկին Զապէլ Ստեփանեան-Տեփոյեանին տարիներէ ի վեր կատարած յատուկ եւ անսակարկ աշխատանքը, անոր կազմակերպելու կարողութիւնը եւ մանաւանդ՝ գեղարուեստական բարձր ճաշակն ու հայեացքը։
Այստեղ անպայման պիտի հաստատեմ, թէ իմ փափաքովս էր Տիկին Զապէլին յուշանուէրը յանձնելս, վարչական ընկերոջս եւ երէց բարեկամիս՝ Սիմոն Ստեփանեանի յիշատակը յարգած ըլլալու հոգեկան գոհունակութիւնը ունեցած ըլլալու համար։
Հ.-Պարողներուն մասին ի՞նչ կ’ըսէք։
Պ.- Յիսուն տարիներուն ընթացքին, բնականաբար սերունդներ փոխուեցան. շատ հաճելի եւ միեւնոյն ատեն յուզիչ է որ այսօր արդէն հին պարողներուն զաւակները պարախումբէն կը պարեն։
Մեզի համար հպարտութիւն է որ գրեթէ ամէն ելոյթին, պարողներուն թիւը եղած է մօտաւորապէս 65-էն 75-ի միջեւ. երեւակայական թիւ մը, մանաւանդ մեր համայնքին պէս՝ նօսրացած համայնքի մը համար։
Հ.- Ի՞նչ կ’ըսէք «Զանգեզուր» պարախումբի այսօրուան պատասխանատուներուն՝
Կոկանեան Սրահի Վարչութեան։
Պ.- Նախ շատ շնորհակալ եմ որ ներկայ ղեկավարութիւնը, որոնց փոխանցած ենք մեր պատասխանատուութիւնները, ամենայն յարգանքով կը վերաբերին ինծի հանդէպ, մինչեւ այսօր։
Պիտի ըսեմ որ բնականաբար, ես իմ շրջանս աւարտեցի եւ համոզուած եմ որ մի՛շտ, պէտք է նոր սերունդին փոխանցել ամէն տեսակի աշխատանք, որպէսզի ամէն ինչ գոյատեւէ, այլապէս մեր միութենական կեանքը չի՛ կրնար շարունակուիլ։ Այդուհանդերձ, բոլորը գիտեն որ ես միշտ եղած եմ եւ պատրաստ եմ ըլլալու իրենց կողքին, երբ իմ օժանդակութեանս կարիքը կը զգան։
Եթէ մեր սերունդը, պարտականութեան գիտակից երիտասարդներ պատրաստած չըլլար, այսօր այս ղեկավարութիւնը եւ յաջողութիւնը գոյութիւն չէր ունենար։
Վերջապէս կ’ուզեմ շնորհակալութիւնս եւ բարձր գնահատանքս յայտնել Կոկանեան Սրահի Վարչութեան, ատենապետութեամբ՝ Տոքթ. Գէորգ Երզնկացեանի, պարախումբի ղեկավարին, պարողներուն, օժանդակ տիկիններուն եւ բոլորին։
Վարձքերնիդ կատար, ապրի՛ք։ Յարատեւութիւն կը մաղթեմ, որ տասնամեակներ եւս կարելի ըլլայ «Զանգեզուր»-ի գոյութիւնը պահպանել։
Հ.- Յարգելի Պր. Եազըճեան, վերջերս, բոլորեցիք Ձեր 85- ամեակը, որուն աւելի քան 65 տարիները, մշակութային ազգային, միութենական եւ հանրային գործունէութեամբ զբաղած էք։ Պատահա՞ծ է որ յուսահատիք եւ մտածէք որ ապարդիւն են Ձեր բոլոր ըրածները։
Պ.- Շատ երիտասարդ էի, երբ կարդացի որ Ուինսթոն Չըրչըլին հարցուցած են իր կարծիքը հանրային գործիչի մը մասին։ Չըրչըլ այսպէս պատասխանած է. «Հանրային գործիչը ես կը նմանցնեմ լիմոնի մը կէսին։ Լիմոնի այդ կէսը մարդիկ կը քամեն ու կը քամեն, մինչեւ վերջին կաթիլը։ Այդ քամուած լիմոնէն մնացածին տեղը ո՞ւր է։ Աղբամանը»։
Այս իրականութիւնը գիտնալով հանդերձ, երիտասարդ տարիքէս կարելիս ըրած եմ որ օգտակար ըլլամ հայապահպանման եւ եգիպտահայ համայնքի բարգաւաճման ու գոյատեւման ի խնդիր եւ երբե՛ք չեմ զղջացած որ այդպէս ըրած եմ։ Եթէ ես չընէի, ուրիշ մը պիտի ընէր հաւանաբար, բայց համոզուած ըլլալով որ ես կրնամ ընել՝ ըրած եմ եւ միշտ ալ գոհացած եմ միա՛յն աշխատանքիս յաջող արդիւնքը տեսնելով։
Ասիկա իմ ամենամեծ վարձատրութիւնս եղած է մի՛շտ։ Ուրիշ բան չեմ ակնկալած երբեք։
Փառք Տիրոջ որ կարողացած եմ այսքանը ընել։ Անշուշտ որ ճիգ ի գործ դրած եմ, ջանացած եմ ամէն դժուարութիւն յաղթահարել, ամէնուն հետ միջին մը գտնել եւ համերաշխ ըլլալ, որովհետեւ մի՛շտ հաւատացած եմ, որ մարդ պէտք է իր դիմացինը ընդունի ինչպէս որ է եւ ոչ այնպէս, ինչպէս որ ինք կ’ուզէ որ ըլլայ։
Այս սկզբունքով է որ գործած եմ ես, եւ կրցած եմ հանդարտութիւնս պահպանել ի շահ տուեալ գործի յաջողութեան։
Հ.- Վերջապէս, անպայման կ’ուզեմ հարցնել. Ձեր խօսակցութեան ընթացքին, յաճախ կրկնեցիք «նօսրացած համայնք» արտայայտութիւնը։ Ասիկա յուսահատութեա՞ն աևդիւնք է…
Պ.- Ես անձնապէս յուսահատ չե՛մ, բայց այս տարիքիս, կարողութիւն չունիմ նոր բան մը սկսելու։ Մեր ժամանակին, Փառք Տիրոջ, մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ կրցանք մեզի յաջորդող սերունդը պատրաստել։ Ուրեմն հիմա, այս ներկայ գործող սերունդն է, որ պէտք է աշխատանք տանի, որպէսզի այս համայնքը գոյատեւէ։ Ասիկա կախարդութեամբ մը չ’իրականար։ Միա՛յն ճիգով ու յարատեւ աշխատանքով կըլլայ. նոր երիտասարդներուն հետ շփուելով, անոնց հետ ընդհանուր հասկացութեան մը գալով եւ ամենակարեւորը՝ անոնց մէջ պատկանելիութեան զհացումը հրահրելով է որ կըլլայ։
Վերջապէս, ես կը հաւատամ որ մեր համայնքը նօսրացած է թիւով եւ ո՛չ որակով…
Զրուցեց՝ Սեւան Սեմէրճեան