Արարատ Բնակարանները (ԱԲ) ունեցաւ իր խորհրդանիշը (լօկօ) À toi de créer – Ստեղծագործութիւնը ձերն է

Այսօր, 13 Յունիս 2015, մեր հաւաքական վայրը վերածուած է ցուցասրահի մը: Մուտքին երկար սեղանին վրայ տեղաւորուած են 23 միագոյն կամ գունաւոր գծագրութիւններ, մէկը անմեղ ընտանեկան  երեւակայութեամբ, միւսը ազգային շունչով, ուրիշ մը ԱԲ-ու, այսինքն երէցներու բնակավայրի ակնոցով, ահա հատ մըն ալ ուղիղ սեւ երկրաչափական մաքուր գիծերով կամ կլորակ հասկերով:

Մեծն Մոնթրէալի երեք հայկական դպրոցներէն աշակերտներու խումբ մըն են, որոնք իրենց գործերը այսօր կը ներկայացնեն եւ որոնցմէ երեք մրցանակակիրներ նախապէս ընտրուած են չորս հոգիէ բաղկացած յանձնաժողովի (ժիւրի) անդամներէ:

Մրցոյթ է, բայց ո՞վ են կազմակերպողները, որո՞նք են մասնակցողները:

Arm. 6 July (Ararad)2Խօսք առաւ ԱԲ-ու ատենապետ եւ մրցոյթի ատեանի պատասխանատու Ազատ Թէմիզճեան, որ բացատրեց հայ երիտասարդներու մասնակցութեան կարեւորութիւնը լoկոյի ծրագրի մը շուրջ: Շարունակեց Տիկին  Գույումճեան, ԱԲ-ու ձեռնարկները համադրող մեր Սիլվիկը, յիշեցնելով երեք դպրոցներու՝ Սուրբ Յակոբ, Արմէն Քէպէք եւ Տիրամայր Նարեկ տնօրէններու հետ տեսակցութիւնները, տպուած թղթիկներով չափանիշերը, որոշ գծագրական պայմաններ լրացնելու կարեւորութիւնը: Վերջապէս ան ներկայացուց մրցանակաբաշխութեան յանձնաժողովին անդամները ու իւրաքանչիւրը հրաւիրեց արտայայտուելու այս ուղղութեամբ: Նախ առաջին ժիւրին, անուանի նկարիչ եւ ապակիի վրայ անզուգական քանդակագործ Եղիա Պաքմազճեան. արուեստագէտը  բացատրեց այն համակարգը որուն համաձայն ժիւրիին անդամները կարողացան նախ առաջին տասը գործերուն ապա վերջին հանգրուանին հասնիլ արդարօրէն եւ միաձայնաբար: Ամէնքն ալ շահեցան, ըսաւ ան, քանի որ մասնակցեցան: Պարոն Պաքմազճեան ստանձնեց նաեւ փոքր լեզուական փոփոխութիւններ կատարել մրցանակակիր լoկոյին վրայ: Ապա հրաւիրուեցաւ Մարինէ Զուլոյեան,  երկրորդ ժիւրին, մեծապէս սիրուած եւ գնահատուած նկարչուհին որ ուրախութիւն յայտնեց թէ երեք մրցանակակիրներէն իւրաքանչիւրը վերոյիշեալ հայ դպրոցները յաճախող աշակերտներ են, ամեն մէկը մէկ դպրոցէն: Վերջին ժիւրին՝ արուեստի տեղեկագրող ՔՏԳ ոգեւորուած մեր ապագայ սերունդին տաղանդը շնորհաւորեց:

Հանդիսավար Սիլվիկ Գույումճեան մէկ առ մէկ թուեց եւ հրաւիրեց մրցանակակիրները ստանալու նուէրներ:

Ա. Մրցանակ՝  Լարա  Ճէնթիլի, Արմէն Քէպէք վարժարանէն, Երկրդ. 2
Բ. Մրցանակ` Ժագ Աւագեան, Սուրբ Յակոբ  վարժարանէն, Երկրդ. 1
Գ. Մրցանակ՝ Բաթրիսիա Գալաճեան, Տիրամայր Նարեկ վարժարանէն, 6րդ Ա.

Նկարչուհի Զուլոյեան իր նկարներէն հատ մը նուիրեց մրցոյթին Ա. հանդիսացող մրցանակակիրին նաեւ դասաւանդութիւններ, ԱԲ-ն ալ գծագրական պիտոյքներ Ա. եւ Բ. մրցանակները շահողներուն: Նոյնպէս նուէրներ ստացան ոչ միայն դափնեկիրները այլ բոլոր մասնակցողները:

Սրահը թնդաց: Ներկաները՝ Հայ Տունի վարչականներ եւ ՆՍՀՏ-ի կամաւոր պարմանուհիներ, ծնողքներ, հիւրեր, ԱԲ-ու բնակիչներ, մեծ ու պզտիկ ուրախութեամբ շրջապատեցինք ցուցադրուած լօկօները, իւրաքանչիւրը իր թռիչքով յղացած, ձիրքին թափ տուած: Նկարները պիտի զարդարեն ԱԲ-ու հաւաքական սրահը:

Մեր մամիկներուն պատրաստած սեղանը, միրգերով զարդարուած հատիկ, տեսակաւոր աղի- անուշ համադամներ, նաեւ օշարակ եւ սուրճ ճաշակեցինք միասնաբար: Շնորհաւորութիւններ ու շնորհակալութիւն բոլորին ու բոլորին: Չմոռնանք, այսօր Արարատ Բնակարանները  մշակութային կեդրոն կը համարուի:

Հիւրասիրութիւնը կատարեալ էր:

Ք. Տրդատեան Գույումճեան