Որտեղից եկաւ նա այսքան անեղծ, այսքան մոգական, այսքան անմեկին եւ ինչ հրաշքով խաչքարից հանեց նրա մէջ նիրհող մաքուր մեղեդին։
Վահագն Դաւթեան
Հռչակաւոր երգչուհի, կոմիտասեան եւ հոգեւոր երգերու անզուգական կատարող Լուսինէ Զաքարեանի ծննդեան օրը՝ Յունիս 1-ին, բացուեցաւ անոր տուն-թանգարանը։ Երեւանի Եզնիկ Կողբացի 42/3 հասցէին վրայ գտնուող տունը եղած է Լուսինէի եւ անոր ամուսինին, յայտնի բանասէր եւ շարականագէտ Խորէն Պալեանի բնակարանը։
Հիւրասենեակին պատերը զարդարող Լուսինէի հրեշտակային դէմքով լուսանկարները կարծես կը հետեւին ներս մտնող իւրաքանչիւր այցելուի։ Անոր շունչը կը թեւածէ բնակարանէն ներս։ «Ան շատ ֆոթոկենիք էր,- կ՛ըսէ անոր երկար տարիներու հարեւանուհին՝ տիկ․ Արփենիկը, եւ կ՛աւելցնէ,- Լուսինէն ինք իր ձեռքով էր կախում իր լուսանկարները եւ մանուկի պէս ուրախանում»։ Ինչպիսի՞ն էր Լուսինէն, հարցումիս՝ ան անմիջապէս կը պատասխանէ․ «5 տարեկան երեխու պէս անմեղ ու նուրբ, բայց միւս կողմից շատ խելացի, ահաւոր պարտաճանաչ իրեն տրուած շնորհքին՝ երգեցողութեան վրայ»։
Նոյնը կը վկայէ նաեւ տուն-թանգարանի տնօրէնուհին՝ տիկ․ Սուսաննա Դաւթեանը, որ եղած է Լուսինէի եւ Խորէնի մտերիմը եւ երկար տարիներ նուագակցած է անոնց։ «Լուսինէն անմեղութիւն էր, հրեշտակ, բառին բուն իմաստով երեխայ։ Ոտքից գլուխ կարելի էր հիանալ, զմայլուել նրանով», կ՛ըսէ ան։
1937-ին երաժիշտներու ընտանիքին մէջ լոյս աշխարհ եկած Սվետլանա Զաքարեանը, 1952-ին Ախալցխայէն ընտանիքին հետ կը տեղափոխուի Երեւան։ Երեւանի պետական երաժշտանոցին մէջ ուսանելու տարիներուն՝ արդէն անոր տաղանդը ակներեւ էր, անոր ձայնային տուեալները կը գերէին ունկնդիրները ու երաժշտագէտները։ Վազգէն Ա․ կաթողիկոս՝ հիանալով անոր ձայնով ու կատարումով՝ անմիջապէս զայն կ՛ընդունի Էջմիածինի Մայր տաճարի երգչախումբին մէջ՝ որպէս մենակատար։ «Երբ Լուսինէն կ՛երգէ «Սուրբ, Սուրբ»ը, բոլոր հրեշտակները բազմութեամբ կ՛իջնեն Մայր Աթոռ ու կը փառաբանեն զԱստուած իր երգեցողութեան ու ի վերուստ տրուած շնորհի համար», ըսած է Վեհափառ հայրապետը:
Լուսինէն երբ կ՛երգէր, կ՛անէանար, ան կը կտրուէր հողէն, կը բարձրանար երկինք՝ ուկնդիրն ալ իր հետ տանելով, կը վկայեն իր ժամանակակիցները։
Լուսինէի կեանքին մէջ ճակատագրական կ՛ըլլայ անոր միութիւնը Խորէնի հետ․ Աստուածաբան, շարականագէտ Պալեանը՝ հեռանալով կուսակրօն կեանքէն, կ՛ամուսնանայ Լուսինէի հետ։ Ան՝ ռուսախօս Սվետլանային առջեւ կը բանայ հայ միջնադարեան գանձարանի դռները։ Սվետլանա, որ ռուսերէն կը նշանակէ լոյս, կը դառնայ Լուսինէ։ Շնորհիւ Խորէնին՝ ան ոչ միայն կը տիրապետէ հայերէնին, այլեւ՝ գրաբարին։
1960-ականներուն, ազգային զարթօնքի ժամանակաշրջանին, ան հայ հոգեւոր երգը դուրս բերաւ եկեղեցւոյ պատերէն եւ բեմ բարձրացուց եւ հրամցուց աշխարհին՝ անոնց եզակի հմայքը եւ համաքրիստոնէական բովանդակութիւնը։ «Լուսինէն մեծարեց հայ ազգը, մեր երաժշտութիւնը եւ այսօր ժամն էր փոխհատուցման,- արժեւորելով Լուսինէի արուեստն ու անոր թողած ժառանգութիւնը կը նշէ թանգարանի տնօրէնուհին ու կ՛աւելցնէ,- Մենք մեր հոգու պարտքն են տալիս Լուսինէին այս թանագարանի բացումով եւ դա անում ենք մեծ սիրով ու նուիրումով»։
Տուն-թանգարանի վերանորոգումը կատարած է Խորէն Պալեանի եղբօրորդին՝ Ռաֆֆի Պալեանը։ «Մեծ հօրեղբօրս՝ Խորէն պապիկի երազաքն էր տունը թանգարանի վերածելը, որ իրականութիւն դարձուց հայրս։ Եւ ես շատ ուրախ եմ, որ իմ համեստ լուման ունեցայ թանգարանի յարդարման գործին մէջ», կ՛ըսէ Ռաֆֆիին աղջիկը՝ Ալինան, որ մասնագիտութեամբ ձեւագէտ է։ Իսկ Գարեգին Բ․ կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ նիւթական աջակցութեամբ՝ կատարուած են թանգարանի ներքին ձեւաւորման եւ կահաւորման աշխատանքները։
Երկու սենեականոց տան հիւասենեակը պահպանուած է այնպէս, ինչպէս՝ զոյգին կենդանութեան օրօք։ Սենեակին համեստ կահոյքը կ՛ապացուցէ, թէ անոնք ապրած են առանց ճոխութիւններու։ Տան հարեւանուհին կը վկայէ, որ անոնց համար փող գոյութիւն չունէր, ինչ ունէին բոլորը նուէր էր։ Երբեք փողի ետեւէն չեն եղած, նոյնիսկ բնակարանը Խորհրդային իշխանութիւններուն նուէրն էր Լուսինէին։
Նախկին ննջասենեակին մէջ, որ այժմ վերածուած է ցուցասրահի, ներկայացուած են Լուսինէի բեմական հագուստներէն քանի մը հատը, անձնական իրեր, նամակներ, գիրքեր, փաստաթուղթեր, իսկ պատերուն՝ Լուսինէին նուիրուած հայ եւ օտար յայտնիներու բազմաթիւ վկայութիւններ։
Ամերիկացի յայտնի նկարիչ, գրող Ռաքուել Քենթ ըսած է․ «Այն ձայնը, որ լսեցի, ամենաանգերազանցելի ձայներէն էր, որ առ այսօր լսած եմ կեանքիս մէջ եւ իմ պատկերացումը հրաշքներու երկիր Հայաստանի մասին ամբողջական չէր ըլլար, եթէ չըլլար այս նոր հրաշքի՝ Լուսինէ Զաքարեանի երգը»։
Տուն-թանգարանի ցուցանմուշները դեռ անկատար են, ժամանակի ընթացքին անոնք պիտի համալրուին եւ պիտի հարստացուին։ Ներսի լսողական (acoustic) հարցը լուծելէ ետք, այստեղ ընդմիշտ պիտի հնչէ նաեւ Մեծ Երգչուհիին անզուգական ու երկնային ձայնը։
Անուրանալի է Լուսինէ Զաքարեանի դերը հայ հոգեւոր երաժշտութեան տարածման մէջ։ Այդ իսկ պատճառով թանգարանը պիտի ծառայէ նաեւ, որպէս հոգեւոր երաժշտութեան կեդրոն։ “Այստեղ պիտի կազմակերպուին համերգներ, մրցոյթներ, հոգեւոր երաժշտութեան ուղղութեամբ ուսանողներու պիտի տրամադրուին թոշակներ, պարգեւներ, որպէսզի անոնք շահագրգռուած ըլլան խորանալով այդ ուղղութեամբ”, կը նշէ Սուսաննա Դաւթեան։ Թանգարանը իր առջեւ նպատակ դրած է հրատարակել Խորէն Պալեանի հսկայական արխիւը, որ կը վերաբերի միջնադարեան հայ երգերուն, շարականներուն։ Անոնք պիտի ուսումնասիրուին, վերծանուին, արժեւորուին եւ հրատարակուին։ Թանգարանի մօտակայ ծրագիրներէն է նաեւ Լիդա Գէորգեանի եւ Խորէն Պալեանի հեղինակած «Լուսինէ» գիրքին թարգմանութիւնը անգլերէնի, յետոյ նաեւ այլ լեզուներու, որպէսզի օտարներն ալ իմանան Լուսինէի մեծութեան մասին։
Լուսինէն իր հոգեթով եւ երկնային ձայնով հայկական մաքրամաքուր երգը լսելի եւ սիրելի դարձուց ոչ միայն մեզի՝ հայերուս, այլ նաեւ օտարներուն։ Անոր ձայնը պիտի շարունակէ հնչել ու դաստիարակել սերունդներ՝ այս տուն-թանգարանին միջոցով։