Անցեալ Երեքշաբթի Յուլիսի 9-ին, Գանատայի Ընդհանուր Կառավարիչ՝ Ն. Վ. Ժիւլի Փայէթ, Քէպէք քաղաքի իր պաշտօնավայրին մէջ դիւանագիտական պաշտօնական Փրօթօքոլի համաձայն ընդունեց վեց երկիրներու նորանշանակ դեսպանները որոնք յանձնեցին իրենց հաւատարմագրերը: Այս դեսպաններու կարգին էր ՝ Հ. Հ. նորանշանակ Լիազօր եւ Արտակարգ Դեսպան Ն. Վ. Անահիտ Յարութիւնեանը: Տիկին Յարութիւնեան իր կարգին այս առիթով հրաւիրած էր Գանատահայ Գաղութի Ներկայացուցիչներէն տասը հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը ընկերակցելու համար իրեն այս հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին:
Ընդհանուր Կառավարիչը իւրաքանչիւր դեսպանին ուղղած իր բարիգալստեան խօսքերուն մէջ. յատուկ համակրական խօսքերով անդրադարձաւ Գանատահայ Գաղութին,
մանրամասնութեամբ շեշտելով անոր բացառիկ կենսունակութիւնը իր բազմաթիւ եկեղեցական, կրթական մշակութային եւ ընկերային կառոյցներով եւ կազմակերպուած կեանքով:
Ներկայ հայ պատուիրակութեան համար յատուկ հպարտութեան առիթ մըն էր անկասկած այս հանդիսաւոր արարողութիւնը մանաւանդ նկատի առնելով նորանշանակ մեր դեսպանին բացառաբար շնորհալի անձնաւորութիւնը եւ իր տպաւորիչ կենսագրութիւնը որ ակնյայտօրէն կը դրսեւորուէր ընդհանուր պատկերին մէջ:
Հայաստանի Դեսպանին կ’ընկերակցէին Օթթաուայէն Հ. Հ. Հիւպատոս Պրն. Արա Մկրտչեան եւ Թորոնթոյէն Պատուոյ Հիւպատոս Պրն. Վարուժան Լափոյեան:
Այս առիթով Վսեմաշուք Տիկին Ժիւլի Փայէթին հետ առնուեցաւ աւանդական յիշատակի նկարը ուր Հ. Հ. Դեսպանը, Հիւպատոսը եւ Պատուոյ Հիւպատոսը շրջապատուած են Հայ պատուիրակութեան անդամներով որուն մաս կը կազմէր Գանատաի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Աբգար Եպիսկ. Յովակիմեան,
Գերշ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Ռ.Ա.Կ.-եան, Հ. Յ. Դ.-եան, Ս. Դ. Հ.-եան, Թ. Մ. Մ.-եան եւ Հ. Բ. Ը. Մ. –եան ղեկավար ներկայացուցիչները:
Տիկին Ժիւլի Փայէթ ըլլալով շրջանաւարտ մը Մոնթրէալի McGill համալսարանի Էլեքտրագիտութեան (Electrical Engineering) բաժնէն, պնդեց որ նկարին մէջ իր անմիջական կողքին կանգնի պատուիրակութեան մաս կազմող McGill-ի նոյն բաժնի այժմ հանգստեան կոչուած Փրօֆէսօր Գանատահայ ծանօթ դէմք՝ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան:
Երեկոյեան՝ մեծայարգ Դեսպան Յարութիւնեան, ընկերակցութեամբ Հիւպատոս Արա Մկրտչեանի Քէպէք ժամանած պատուիրակութեան անդամները հիւրասիրեց ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, տեղւոյն ընտիր ճաշարաններէն մէկուն մէջ: Բնականաբար այս անգամ աւելի մտերիմ սակայն շքեղ սեղանի շուրջ այդ հաւաքոյթին ընթացքին, կատարուեցան բազմաթիւ սրտի խօսքեր եւ բաժակաճառեր ուր անկեղծ մաղթանքներ զիրար յաջորդեցին նորանշանակ դեսպանին խոստանալով կարելի սահմաններու մէջ ամբողջական գործակցութիւն ի նպաստ իր կարեւոր առաքելութեան յաջողութեան:
Բոլոր գանատահայութեան կողմէ ջերմագինս կը շնորհաւորենք Ն. Վ. Անահիտ Յարութիւնեանը եւ իրեն կը մաղթենք յաջող եւ արդիւնաւէտ տարիներու կեցութիւն Գանատայի մէջ: