Մարալ Այվազ, որ իր մանուկ տարիքէն սկսեալ Հայ Եկեղեցւոյ դպրաց դասու աշխատութեանց մասնակցելով քայլ նետած է իր երաժշտութեան կեանքէն ներս, բազմաթիւ համերգներու եւ համայնքային զանազան ձեռնարկներու միջոցին մեներգներով բեմ բարձրացած է, այժմ կը ներկայանայ ունկնդրին իր անդրանիկ ձայնասկաւառակի ծրագրով:
Ալպոմը, որուն մէջ կան ժողովրդական եւ արդիական հայերէն երգերուն իրարմէ անկախ բնօրինակ մշակումները, հանդիսականին ուշադրութիւնը կը գրաւէ արդիական եւ Հայ դասական գործիքներուն ներդաշնակ միասնակութիւնովը ու գեղաձայն երգչուհիին ինքնայատուկ մեկնաբանութիւնովը:
Ալպոմին երաժշտական ղեկաւարը՝ յաջող երաժիշտ, ձայնագրող Արի Հէրկէլն է, որ նաեւ ալպոմին մէջի եօթը երգերուն մշակումը կատարած է: Իսկ «Վայրի Ծաղիկ» անուն երգին յօրինողն է՝ Ֆրանքֆուրթաբնակ կիթառահար, երգիչ, երաժիշտ Արէն Էմիրզէն: Երգը ձայնագրուած է Գերմանիոյ մէջ:
Ալպոմին ամէնաուշագրաւ երգն է՝ «Անվերջ Խաւար»: Երգչուհին, աշխարհահռչակ երաժիշտ, ուտահար Արա Տինքճիանի «Picture/Ağladıkça» անուն յօրինումին հայերէն խօսքերը գրած ու երգը ձայնագրած է:
Մարալ Այվազին փափաքն է որ իր այս աշխատանքը՝ որուն ամէն հանգրուանին նախանձախնդրութեամբ հոգատարած է, տարածուի նռան հատիկներու պէս, հասնի ամէնուն, բոլոր ազգերուն: