Ծանօթացնել Պուրճ Համուտի Հայկական Մթնոլորտը

Յակոբ Վարդիվառեան

Սփիւռքին ծանօթ անուն մըն է, անկասկած, Պուրճ Համուտը։  Ցեղասպանութենէն վերապրող հայութեան մը գաղթավայրը, որ կը պահէ իր երէկի երկրին քաղաքներուն անունները, որոնք թաղամասերու մէջ մկրտուեցան որպէս Նոր Ատանա, Նոր Մարաշ, Նոր Սիս, Նոր Ամանոս։  Եւ անոնք  այսպէս ապրեցան համախմբուած Կիլիկեան երազի մը տեսիլքով մօտ 70 տասնամեակներ թէ անպայմանօրէն անոնք պիտի վերադառնան իրենց պապենական տուները։  Հայու Ասուածը մի´շտ ալ կը կամենար այդ տունդարձը կատարել մեզի համար, սակայն … օտարներու միւս աստուածները չկամեցան երբե´ք։  Ու Պուրճ Համուտի մէջ հասակ առած ու յաջողութիւններ արձանագրած երիտասարդութիւնը այդ նեղլիկ թաղերէն հեռացան Պէյրութի գեղատեսիլ արուարձանները, ուր կազմեցին հայ ընտանիքներ եւ ուրիշներ ալ ընդմիշտ մեկնեցան դէպի Ամերիկաները։  Քիչեր անոնցմէ գաղթեցին Հայաստան։  Միայն գացին անոնք որոնք  հայրենադարձութեան օրերուն` 1946-1948 տարիներուն խորունկ հայրենասիրութեամբ բարձրացան նաւ երթալու դէպի Խորհրդային Հայաստան, ուր կազմեցին իրենց բոյնը եւ հասակ, գիտութիւն ու կրթութիւն տուին այդ նորահաս սերունդին։

Յունիս 9, 2015, Երեքշաբթի օր, Առաջնորդանիստ Ս. Վարդան Մայր Տաճարի ներքնասրահին մէջ ներկայացուեցաւ Պուրճ Համուտ հայաւանը, անգլերէն լեզուով երիտասարդ լրագրող ու արուեստագէտ լուսանկարիչ Արիան Աթէշեան- Տըլագամբայնի կողմէ։  Ծնած է Պէյրութ, ոչ Պուրճ Համուտ,  շրջանաւարտ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն։  Քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով եկած Նիւ Եորք, երբ չէր ճանչցած Պուրճ Համուտը տակաւին։

Տաս տարիներ առաջ գաղափարը կը յղանայ վերադառնալ ծննդավայր եւ ճանչնալ Պուրճ Համուտն ու հոն ապրող հայութիւնը։  Կ’ունենայ հանդիպումներ տեղւոյն արհեստաւորներուն, թեթեւ արդիւնաբերութեամբ բանող գործարաններու տէրերուն, վերջապէս մեր գիտցած Պուրճ Համուտի մէջ տակաւին յամառօրէն հաստատուած տեղւոյն հայութեան բեկորներուն։

Անշուշտ գեղեցկօրէն ներկայացուած ու այս առթիւ պատրաստուած երկլեզու (ֆրանսերէն ու անգլերէն) ալպոմը մնայուն յիշատակելի ալպոմ մը պիտի մնայ վաղուան այն պատմաբանին եթէ ուզէ քսաներորդ դարու սկիզբի լիբանանահայութեան ծանօթանալ։

Ժողովրդական դէմքեր են ներկայացուածները ու եթէ այս ալպոմը լոյս տեսած ըլլար քսանամեակ մը առաջ` խորհրդային կարգերու օրերուն, Արեւմուտքը եւ անոր հաւատացող մեր կարգ մը կազմակերպութիւններ պիտի գրէին ու ըսէին  թէ հեղիմակը` Արիան ընկերվարական-ժողովրդական վարդապետութեան համոզումներով հասակ առած ըլլալով ներկայացուցած է իր գործը հետեւելով այդ օրերու խորհրդահայ նմանօրինակ հրատարակութիւններուն։  Բարեբախտաբար այդ օրերը այլեւս հեռու են մեզմէ ու Պուրճ Համուտը եւ անոր հայութիւնը այլեւս կազմակերպութեան մը մենաշնորհեալ դաշտը չէ, այնպէս ինչպէս Մայր Աթոռին իր հաւատարմութիւնը տուող առաջնորդարանի Գրիգոր Զօհրապ Տեղեկատուութեան Կեդրոնը եւ ՀԲԸՄը միասնաբար կը կազմակերպեն սոյն դասախօսութիւնը։

Բացման խօսքը կը կատարէ Առաջնորդարանի Հայ Դպրոցներու ծրագրի տնօրէն Տիկին Կիլտա Քիւբելեան։  Իր այս գիրքն ու կատարած աշխատանքը կը ներկայացնէ նոյն ինքն հեղինակը, տալով նաեւ տեղեկութիւններ այսօրուան բնակիչներու մասին: Հայերու պարպումով սուրիացիներու եւ քիւրտերու թուային աճը կրնայ օր մը կարեւոր տեղ ունենալ Լիբանանի այլապէս սրացած միջ-յարանուանական յարաբերութիւններուն վրայ։  Իսկ աւարտին փակման խօսքը կը կատարէ Տեղեկատուութեան Կեդրոնի տնօրէն Դանիէլ Վրդ. Ֆընտըգլեան։  Ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, ինչպէս Եղիշէ Արք. Կիզիրեան եւ Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, երկուքն ալ Անթիլիասի դպրեվանքէն շրջանաւարտներ. առաջինը` հին սերունդին եւ երկրորդը` նոր սերունդին երկու պատուական ներկայացուցիչներ։

Առիթ տրուեցաւ ներկաներուն տալ հարցեր։  Յատկանշական էր մանաւանդ ՀԲԸՄի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ Երուանդ Տէմիրճեանի հարցը թէ հայաշատ այս աւանին անունը տակաւին կը մնայ Պուրճ Համուտ, երբ դիւրութեամբ կարելի պիտի ըլլար զայն հայացնելու։

Թերթատելով հոն են իրենց արհեստանոցներուն մէջ նկարներով  կօշկակարներ Վարուժան Խնճեանը եւ Գրիգոր Էզաճեանը, ձկնորս Պօղոս Սվաճեանը` ծանօթ Քալաշնիքով անունով, կազմարար Գրիգոր Մկրտիչեանը, նկարահան Վահան Քիւբելեանը, դերձակուհի Մարիժան Խաչատուրեանը, գորգ նորոգող Դանիէլ Ցունկուրեանը, նորարար դերձակ Միսաք Հաճիաւետիքեանը, կաշեգործ Անդրանիկ Թաւուքեանը … ու այսպէս հարիւրի մօտ հայու անուններ, որոնք իրենց ճակտի քրտինքովն ու յամառ աշխատանքով «կը վաստկին իրենց առօրեայ հացը» ինչպէս պիտի ըսէին մեր հիները։

Այս յատկանշական բաժինն է պուրճ համուտցիի առօրեայ կեանքին։  Երախտապարտ գործ մը պիտի ըլլար եթէ Արիան շարունակէր այս անգամ հրապարակ հանելու մեր ազգային, հոգեւոր ու մշակութային կեանքը իրենց եկեղեցիներով, դպրոցներով ու սրահներով։

Այս մաղթանքով ալ հեռացանք այդ գիշեր սրահէն։