Արարատ Միրզոյեան. «Չենք կրնար հրաժարիլ իրանեան կազէն»

Աշխատանքային այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան Յուլիս 15-ին, «Atlantic Council» կեդրոնին մէջ իր ելոյթին ընթացքին յայտարարեց, թէ Հայաստան չի կրնար հրաժարիլ ամերիկեան պատժամիջոցներու ենթակայ Իրանէն բնական կազ գնելու ընտրանքէն: Այս մասին կը հաղորդէ “Ազատութիւն”-ը։

«Մենք կը ցանկանք, որ Ամերիկա ճնշում չգործադրէ Հայաստանի վրայ: Հայաստանը չի կրնար նման գին վճարել», նշեց Միրրզոյեան:

«Ամերիկեան գործընկերներուն տեղեկացուցի, որ մեր տնտեսութիւնը վնասներ կը կրէ Իրանի դէմ պատժամիջոցներէն», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Միրզոյեան:

Անցեալ շաբաթ, Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարած էր, թէ Երեւան Թեհրանի հետ բանակցութիւններ կը վարէ կազ գնելու նպատակով:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, իր երկիրը դուրս բերելով Իրանի հետ կնքուած միջազգային համաձայնագիրէն՝ վերականգնեց Իրանի դէմ տնտեսական պատժամիջոցները, նոյն ժամանակ սպառնալով պատժել այն երկիրները, որոնք կը շարունակեն Իրանի հետ տնտեսական կապեր ունենալ:

Նշենք, որ Միրզոյեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Հայաստանի մէջ արձանագրուած փոփոխութիւններուն՝ աւելցնելով, որ Հայաստան կը փափաքի Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները զարգացնել։

«Մեր յարաբերութիւնները պէտք է դիւանագիտական հռչակագիրներու դաշտէն տեղափոխուին յստակ գործընկերային յարաբերութիւններու դաշտ», ըսաւ Միրզոյեան, նոյն ժամանակ երախտագիտութիւն յայտնելով տարիներու ընթացքին Հայաստանի տրամադրուած ամերիկեան օգնութիւններուն համար։

Պատասխանելով Արցախի հակամարտութեան վերաբերող հարցումի մը, Միրզոյեան յայտնեց, թէ հարցը կը դիտէ մարդկային իրաւունքներու տեսանկիւնէն՝ կարեւոր համարելով Արցախի բնակչութեան ընդգրկումը բանակցային գործընթացին մէջ:

Ներքաղաքական եւ տնտեսական զարգացումներուն մասին խօսելով, Միրզոյեան ընդգծեց Հայաստանի մէջ դատաիրաւական բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը եւ զեղծարարութեան դէմ շարունակական պայքարը:

Մրիզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի Ներկայացուցիչներու տան ժողովրդավարական գործընկերութեան յանձնախումբին հրաւէրով:

Նոյն օրը, Հայաստանի դեսպանատան մէջ հայ խորհդրարանականներու պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ ամերիկահայ համայնքին հետ, կարծիքներ փոխանակելով Հայաստանի վերջին զարգացումներուն եւ խորհրդարանի աշխատանքներուն վերաբերեալ:

Միրզոյեան նաեւ պետական եւ փորձագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներուն հետ քննարկումներ ունեցաւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, Հայաստանի մէջ կատարուող դատական համակարգի բարեփոխումներուն, հայ-ամերիկեան կապերու զարգացման եւ այլ հարցերու շուրջ, կը հաղորդէ խորհրդարանի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութիւնը: