Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանի հայրական օրհնութեամբ, Կիրակի` 4 Օգոստոս 2019-ին, Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւի նորանշանակ Օգնական՝ Արժ. Տէր Հայարի Քհնյ. Թանաշեան:
Ս. Պատարագի ընթացքին Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ Եկեղեցւոյս Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. քհնյ. Զարգարեանը, ընթերցեց Սրբազան Հօր տնօրինութիւնը՝ Արժ. Տ. Հայարի քհնյ. Թանաշեանի Հոգեւոր Հովիւի Օգնական նշանակման առնչութեամբ: Տէր Զարեհը իր ուրախութիւնը յայտնեց այս նշանակման առթիւ եւ յանուն Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհրդի, Յարակից Մարմիններու եւ հաւատացեալներու, բարի գալուստ եւ յաջողութիւններ մաղթեց Տէր Հօր ի փառս Աստուծոյ, Անոր Սուրբ Եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ հաւատացեալներուն մատուցած իր ծառայութեան մէջ:
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, հաւատացեալները շնորհաւորեցին Տէր Հայրը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ բարի գալստեան մտերմիկ ընդունելութիւն՝ կազմակերպուած Ծխական Խորհուրդին կողմէ, գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Տիկ. Ռոզին Իմաստունեանի: Ընդունելութեան ընթացքին ներկաները յաջողութիւններ մաղթեցին Տէր Հօր իր այս նոր առաքելութեան մէջ: