ԹՈՒՐՔԻԱ-ՆԱԽԻՋԵՒԱՆ ԹՌԻՉՔՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԱՅՍՈՒՀԵՏԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՄ ԻՐԱՆԻ ՕԴԱՅԻՆ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՉՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԻՆ

Թուրքիոյ օդային տարածքներու շահագործման գլխաւոր վարչութեան պետ Հուսէին Քեսքին յայտարարած է, որ Թուրքիոյ օդակայաններէն դէպի Նախիջեւանի օդակայան կատարուող թռիչքներուն համար այսուհետեւ պիտի չօգտագործուին Հայաստանի կամ Իրանի օդային տարածքները:
Վերջինիս խօսքով՝ 15 Օգոստոսէն սկսեալ թռիչքները պիտի իրականանան Թուրքիոյ տարածքի այն նեղ միջանցքի օդային տարածքով, զոր կը կապէ Թուրքիան Նախիջեւանի հետ եւ սահմանին մօտ ունի ընդամէնը 13 քմ. տարածութիւն:
Ըստ Քեսքինի՝ արդէն աւարտած են օդային միջանցքի բացման դէպի Նախիջեւան ուղիղ թռիչքներու համար Քաղաքացիական օդակայանի միջազգային գործակալութեան հետ տարուող աշխատանքները: