Հայաստանցի բժիշկ. «Ամուլսարի շահագործումը կ’ոչնչացնէ «Ջերմուկ» հանգստավայրը»

Ամուլսարի ոսկիի հանքավայրի շահագործումը անթոյլատրելի է: Այս մասին NEWS.am-ի թղթակցի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է  Ջերմուկի հանրահաւաքին մասնակից, բժիշկ Յասմիկ Սարգսեանը:

Բժիշկը յիշեցուցած է, որ հանքավայրի շահագործումը ոչ միայն բացասաբար կ’անդրադառնայ, այլ նաեւ կ’ոչնչացնէ  Հայաստանի հպարտութիւնը` Ջերմուկ հանգստավայրը, որ յայտնի եղած է հարիւր տարիներէ ի վեր: Յասմիկ Սարգսեանը շեշտած է, որ հանքավայրի շահագործումը  յղի է նաեւ Սեւանի աղտոտմամբ, Սեւանի թունելի փլուզմամբ՝ աղտոտ ջուրի տարրերու քայքայման հետեւանքով:

Հանքավայրի շահագործումը միջավայրի վատթարացման եւ հիւանդութիւններու պատճառ պիտի ըլլայ: Նշենք նաեւ հանքավայրի ոսկիի հարստացման ժամանակ գործածուող սիանիթ պարունակող նիւթերու յառաջացուցած վնասը:

Ջերմուկի բնակիչները հանրահաւաքին միաձայն «Ոչ» ըսած են Ամուլսարի շահագործման ծրագրին: Ընթերցուած է նաեւ հանքավայրի արգելափակման աշխատանքի  մասնակիցներու յայտարարութիւնը, ուղղուած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝  ծրագիրը դադրեցնելու պահանջով: