Հռչակաւոր երգիչ Սեպուհ Սիմոնեան՝ իր «Capital cities» խումբով եւ յատկապէս «Sound and Safe» երգով՝ վաստակած է մեծ համբաւ եւ շրջած ամբողջ աշխարհը: Ըստ hy.armradio.am-ի հաղորդավարուհի Անի Զէյթունցեանի՝ երգիչը պատմած է, թէ իր այդ դիրքին հասնիլը երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքի արդիւնքն էր:
Յաճախ, Հայաստան կատարած իր այցելութիւններով՝ ան կը ներշնչուի հայկական երաժշտութենէն:
Սեպուհի երգացանկը անգլերէն է, սակայն, երգիչը յայտնած է, թէ Կոմիտասի սիրահար է եւ կը փորձէ ուսումնասիրել ու նոր երգեր յօրինել նաեւ Կոմիտասի երաժշտութեամբ, բայց նոր ոճով։ Ան նոյնիսկ կը մտածէ Կոմիտասը թարգմանել անգլերէնի:
Սիմոնեան փոքր տարիքէն հետեւած է երաժշտութեան, երգած է տարբեր երգչախումբերու հետ, ռոք երաժշտութիւնը նախասիրած է եւ կազմած՝ «Cover Band» խումբը։
Ան պատմած է, որ յայտնի ռոք երգիչ Սերժ Թանքեանի մտերիմ բարեկամն է, եւ միասին անոնք ունին նոր ծրագիրներ, որոնք պիտի հրապարակեն մօտակայ 6 ամսուան ընթացքին:
Երգիչը Սիրուշոյի հետ արդէն ունի յայտնի «Վույ Աման» երգը , ինչպէս նաեւ կ՛աշխատակցի 4-5 այլ երգի գծով, որոնք շուտով պիտի թողարկուին: Ան կը մտածէ երգերու տեսահոլովակներ նկարահանել նաեւ Հայաստանի մէջ: Իբրեւ պատասխան այն հարցումին, թէ ինչը կը հրապուրէ զինք , Սիմոնեան պատասխանած է,- «Հայութիւնը. ուրիշ տեղ չկայ այսպիսի հայութիւն, ուրիշ տեղ պիտի փնտռես հայութիւն։ Ասիկա մեր տունն է, մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, մեր արուեստը»:
Երգիչի հաւաստիացումով Հայաստանը յարատեւ փոփոխութեան մէջ է։ «Դրական ձեւով դէպի լաւը, ամէն ինչ քիչ մը շատ արագ կ՛ընթանայ, բայց ընդհանրապէս կեանքի ոճը կը բարելաւուի…»,- իր խօսքի աւարտին ըսած է աշխարհահռչակ երգիչ ու հեղինակ Սեպուհ Սիմոնեան: