Ուրբաթ՝ 23 Օգոստոսին, Financial Times թերթը ծանօթանալով Եւրոպական Միութեան համապատասխան փաստաթուղթերուն հաղորդած է, որ Պրիւքսէլ կը ծրագրէ ստեղծել 100 մլրդ. եւրոյի հասնող եւրոպական հիմնադրամ ռազմավարական ճիւղերուն մէջ նոր միջոցներ ներառելու նպատակով:
Ապագայի եւրոպական հիմնադրամը, Պրիւքսէլի ծրագիրներուն համաձայն, անդամ երկիրներուն կողմէն նիւթական աջակցութիւն պիտի ստանայ առաջատար արդիւնաբերական խումբերու եւ ընկերութիւններու մէջ ներդրումներ կատարելու համար, որոնք ընդունակ են մրցակցելու, մասնաւորապէս, այնպիսի ընկերութիւններու հետ, ինչպիսիք են` Google եւ Apple, ինչպէս նաեւ Alibaba` աշխարհ համացանցային-առեւտուրի խոշորագոյն հարթակը:
ԹԱՍՍ-ը հաղորդած է, որ նմանօրինակ հիմնադրամի ձեւաւորումը, ինչպէս կը յայտնէ հրատարակութիւնը, պիտի դառնար Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ կոչերուն պատասխանը` «Ստեղծելու արդիւնաբերական քաղաքականութեան այնպիսի գործիքներ», որոնք եւրոպական առեւտուրը պիտի պաշտպանէին անբարեխիղճ մրցակցութենէն: