Ազնաւուրի Ոգին եւ Երաժշտութիւնը Յորդեցուց Թէքէեանի Կեդրոնը

Անցեալ Ուրբաթ օր Սեպտեմբեր 13-ին, Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնը կը յորդէր բազմահարիւր հանդիսատեսներով որոնք եկած էին Շարլ Ազնաւուրի մահուան առաջին տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկին ներկայ գտնուելու համար:

Օգտուելով ֆրանսահայ ծանօթ երգիչ Ժան-Մարք Տէրմեսրոպեանի Մոնթրէալ գտնուելու առիթէն, Թ.Մ.Մ.-ի վարչութիւնը կազմակերպած էր Ազնաւուրին նուիրուած համերգ մը: Ժան-Մարք Տէրմեսրոպեան Մարսէյլահայ երգիչ մըն է, որ տարիներէ ի վեր համերգներով ելոյթ կ’ունենայ Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ ինչպէս՝ Զուիցերիա, Պելճիքա, Լիւքսանպուրկ եւ նոյնիսկ Գանատա: Ան սիրուած մեկնաբանող մըն է տարբեր սիրուած Ֆրանսացի երգիչներու գործերուն ինչպէս Ժան Ֆերա, Փիէռ Փէրէ, Ժորժ Մուսթաքի, ինչպէս նաեւ բնականաբար աշխարհահռչակ Շարլ Ազնաւուրին:

Ուրբաթ երեկոյեան Թէքէեանի, «Յարութիւն եւ Սիմա Արզումանեան» Սրահը կը յորդէր Ազնաւուրի երգերուն սիրահար հանդիսատեսներու բազմութեամբ մը, որոնք ի գին տեղի չգոյութեան պատճառաւ, երեկոյթը ոտքի անցնելու ստիպման, կ’ուզէին ներկայ ըլլալ այս ձեռնարկին: Բեմին կեդրոնը զետեղուած էր աշխարհածանօթ երգերու աննման յօրինող եւ կատարող Ազնաւուրի արտայայտիչ նկարը մինչ ճարտար լուսաւորութեան խաղերով սրահը ստացած էր հմայիչ խորհրդաւորութիւն արտայայտող մթնոլորտ մը:

Համերգին սկզբնաւորութեան ճարտար եւ ամբողջական տեղեկութիւններով Օր. Մայա Ճամպազեան ներկայացուց Շարլ Ազնաւուրի կենսագրականը, անոր կեանքին տարբեր հանգրուանները, սկսելով որպէս բոլորովին անծանօթ երգիչ, դառնալու համար ի վերջոյ աշխարհի հաւանաբար ամէնահռչակաւոր երգիչը: Յատկապէս Ազնաւուր արժանաւոր կերպով ինքզինք ներկայացուցած է որպէս 100% Ֆրանսացի եւ նոյն ժամանակ

100% Հայ: Ան արժանացած է անթիւ եւ անհամար պատիւներու եւ կոչումներու եւ մասնաւորապէս Հայաստանի Պետութիւնը իրեն շնորհած է «Ազգային Հերոս»-ի ամէնաբարձր կոչումը:

Այս հակիրճ ներկայացումէն ետք բուռն ծափերու մէջ Օր. Ճամպազեան բեմ հրաւիրեց օրուայ աստղ՝ ֆրանսահայ chansonnier  Ժան-Մարք Տէրմեսրոպեանը եւ իրեն դաշնակի վրայ ընկերակցող Մոնթրէալահայ սիրուած երիտասարդ դաշնակահար եւ ճազի վարպետ կատարող Արտէն Արապեանը:

Կարճ ընդմիջումով մը միայն մօտ մէկ ու կէս ժամ տեւող այս համերգին ընթացքին, Ժան Մարք Տէրմեսրոպեան ներկաները ապրեցուց Ազնաւուրի անժամանցելի հրաշալի երգերու հարազատ մեկնաբանումովը: Բնականաբար, «La bohėme», «La mama», «Je me voyais déjà», «For me formidable», «Les deux guitares», «Non, je n’ai rien oublié» եւ ի վերջոյ եւ անխուսափելիօրէն «Ils sont tombes»,  յաջորդաբար խանդավառեցին  եւ յուզեցին ներկաները: Երգերուն ընկերացող եւ անոնց յաջորդող ծափերը եւ պրաւօները բացառիկ ապրումներ շնորհեցին ներկաներուն: Եթէ Ժան-Մարք Տէրմեսրոպեան իր յատկանշական «Մարսէյէ»  հնչականութեամբ ջանաց անզուգական Ազնաւուրը վերապրեցնել ներկաներուն մէջ, պէտք է յատուկ կերպով մատնանշել թէ դաշնակահար Արտէն Արապեանը արժանացաւ խոշոր պրաւօներու հրաշալի կերպով կատարելուն համար ընկերակցութեան իր դժուարին դերը: Արտէն Արապեան կարելի է ըսել կրկնապատկեց օրուայ վայելքը, երաժշտութեան կատարողական իր բացառիկ մասնակցութեամբ:

Երեկոյթին ներկայ էր խուռներամ երաժշտասէր, ընտիր հասարակութիւն մը գլխաւորութեամբ Գանատահայոց Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար Եպիսկ. Յովակիմեանի: Համերգի ընդմիջման ընթացքին, հաճելի անակընկալ լուր մը եւս տրուեցաւ ներկաներուն երբ Թէքէեանի պատասխանատու ղեկավարներէն Պրն. Արթօ Մանուկեան յայտարարեց թէ Թէքէեանի Հայ Բեմ թատերախումբը արժանացած է Québec-ի FQTA կողմէ շնորհուած նոր մրցանակի մը:

Ժողովուրդը համերգէն ետք երկար ժամեր մնաց սրահին մէջ ուր կար նաեւ գինիի եւ թեթեւ ուտեստեղէններու սպասարկութիւն:

Յատուկ շնորհաւորութեան արժանի են Թէքէեանի վարչականները որոնք մեղուաջան աշխատանքով պատուաբեր կերպով գլուխ հանեցին այս բացառիկ ձեռնարկը:

Թէքէեանի յաջորդ մեծ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 19-ին ուր պիտի նշուի «Ապագայ» շաբաթաթերթի 44-րդ տարեդարձը: Այդ առիթով ելոյթ պիտի ունենան սիրուած երգչուհի Սաշա Ճիհանեանը եւ նոյնպէս հրաշալի դաշնակահար Արտէն Արապեանը եւ իրենց հայ եւ օտար երգեր ներկայացնող քառեակը: Մինչ այդ յաջորդ ձեռնարկը, Ազնաւուրի նուիրուած այս համերգ-երեկոյթը անմոռանալի պիտի մնայ բոլորին համար անկասկած:

Ներկայ մը