Գանատացի Սառա Քորնինկ ( 1872 – 1969 ) երկար տարիներ ծառայութիւն մատուցած է կարմիր խաչին որպէս բուժքոյր։ 1918 ին ան Ամերիկեան Կարմիր Խաչի կողմէ մերձաւոր արեւելքի օգնութեան ղրկուեցաւ, այդ ժամանակ 46 տարեկան էր։ Սառա Քորնինկ իր ծառայութիւնը մատուցանելու համար 1919 – 1930 թուականներուն միջեւ Պոլսոյ մէջ գտնուած է եւ մեծ եղեռնէն որբ մնացող հազարաւոր հայ, յոյն եւ ասորիներուն, ինչպէս նաեւ չափահաս ապաստանեալներուն տէր կանգնելով ջանացած է օգնել, փրկել եւ խնամել զանոնք, որոնք մեծ վտանգի տակ էին։
Առ ի գնահատանք Սառա Քորնինկին տարած աշխատանքներուն, Սեպտեմբեր 14 Շաբաթ օր իր ծննդավայր Գանատայի Նովա Սքոչիա նահանգի, Եարմութ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Սառա Քորնինկի պրոնզեայ արձանին բացման արարողութիւնը, որ պատրաստուած էր քանդակագործ Գարէն Պետրոսեանի կողմէ։
Թորոնթոյի Սառա Քորնինկի կեդրոնի ձեղասպանութեան ընկերակցութեան հիմնադիր Պրն. Րաֆֆի Սարգիսեան Եարմութի շրջանի թանգարանի եւ արխիւի հիմքերով ելոյթ ունեցաւ այս արձանին բացման արարողութեան։
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին՝ Նովա Սքոչիա նահանգի Նահանգապետ Arthur J. LeBlanc եւ կողակիցը Patsy LeBlanc, Գանատայի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան, Սառա Քորնինկի ձեղասպանութեան ուսումնական կեդրոնի համանախագահներ David Chown եւ Jennifer Rodney-Chow, Գանատայի Հայ դատի Յանձնախումբի անդամներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ գանատացի ու հայ ազգայիններ։