ՄԱՀԱՑԱՒ ՄԵԾ ԵՐԱԺԻՇՏ ՍՏԵՓԱՆ ՇԱՔԱՐԵԱՆԸ (1935-2019)

Յունիս 22-ին, Երեւանի մէջ մահացաւ հայ մեծ երաժիշտ, դաշնակահար, ՀՀ Արուեստի Վաստակաւոր Գործիչ՝ Ստեփան Շաքարեանը։

Շաքարեանը կարելի էր համարել Երեւանի խորհրդանիշերէն մէկը։ Անոր անունով աստղ մը տեղադրուած է մայրաքաղաքի Տէրեան փողոցին մէջ։

Կովկասեան արծուաքիթով, խոշոր ակնոցներով եւ բարի ժպիտով մեծ երաժիշտին յաճախ կարելի էր տեսնել մայրաքաղաքի կեդրոնը, իր շտապող քայլերով…եթէ իրեն ժպտացող աչքեր տեսնէր, հին ծանօթի մը պէս կ’ողջունէր ու կը շարունակէր իր ճամբան…

Ստեփան Շաքարեանը հեղինակ է գործիքային, ձայնային ու սիմֆոնիք բազմաթիւ գործերու եւ հարիւրէ աւելի ճազային երկերու, որոնք ընդգրկուած են հայկական ե՛ւ պետական ե՛ւ ամենտարբեր յայտնի ճազային խումբերու նուագացանկերուն մէջ։

Ան Արամ Խաչատուրեանին միակ հայ ուսանողն էր։

1956 թուականին, Խաչատուրեանի խորհուրդով տեղափոխուած է Մոսկուայի Կնէսիններու Անուան Ինստիտուտ, որմէ ետք՝ Լենինկրատի Երաժշտանոց։

1964 թուականին ուսումը աւարտած եւ վերադարձած է Երեւան։

Ան ՀՀ Ռատիօպետկոմի մենակատարներու Ճազ-Համոյթի հիմնադիր-ղեկավարն էր։

2009-ին թողարկուած է Ստեփան Շաքարեանի «Լուսինը Սարերի Վրայ» ձայնասկաւառակը, որ ներառուած է «Հայկական Ճազ 70» ձայնասկաւառակներու հաւաքածոյին մէջ:

Շաքարեանը հայկական ժողովրդական երգերը մշակած է, անոնց ճազային շունչ մը տալով։ Անոր «Պինկէօլէն Մինչեւ Քանզաս Սիթի» ստեղծագործութիւնը դարձած է հայկական ճազային գործերու չափանիշ։

Անոր սիմֆոնիաները եւ քոնցերթները հնչած են հայ եւ օտար բազմաթիւ կատարողներու կողմէն։

Շաքարեանի ամենայայտնի ստեղծագործութիւններն են` «Քօրէոկրաֆիք Սիմֆոնիա», «Նախանձ», «Աղաւնավանք» պալէթները,  «Սուիթ»՝ սենեկային նուագախումբի համար, «Կոմիտասի Յիշատակին», «Հայաստան» սիմֆոնիք պոէմները եւ «Սիմֆոնիք Նախերգանքը»։

Շաքարեանը հեղինակ է  նաեւ շարք մը մանկական շարժապատկերներու երաժշտութեան՝ «Հայելի», «Անյաղթը», «Փինկուին Վինը»:

«1970 թուականն էր։

Օր մը, մանկական շարժապատկերներու ռեժիսոր Ստեփան Անդրանիկեանը զանգեց, թէ՝ շուտ եկուր մեր տուն։ Գացի եւ հասկցայ թէ «Փինկուինաշէնի» համար  երգ պահանջուած է։

Բառերը ունի՞ք՝ ըսի։

Ցոյց տուաւ բառերը, կարդացի, գրպանէս նօթատետր մը հանեցի ու տեղւոյն վրայ  երաժշտութիւնը գրեցի։

Ասիկա երկա՜ր տարիներ առաջ էր, բայց մանուկները մինչեւ հիմա կ’երգեն». անմիջականօրէն պատմած է մեծ երաժիշտը։

Նոյն անմիջականութեամբ ան պատմած է նաեւ իր երաժշտական ինքնակրթութեան մասին.

«Ես ակադեմիական լաւ կրթութիւն ստացած եմ, բայց միեւնույն ժամանակ համոզուած եմ, որ ինքնակրթութիւնն ինծի աւելին տուած է։

Իսկական կրթութիւն ստանալու համար պէտք է մտնել դարերու ծալքերուն մէջ… Մոսկուայի մէջ կար Լենինի անուան գրադարան, որ առաջ կոմս Ռազումովսկիի տունը եղած է։ Այնտեղ այնպիսի գիրքեր կային, որոնք ոչ մէկուն չէին տրամադրուէր։ Յետոյ, երբ տեսան, որ ես խենթ եմ, ինծի այլեւս չ’արգիլեցին կարդալ։ Ես գրադարանի աշխատակիցներուն շոքոլա կը նուիրէի եւ անոնք ինծի թոյլ կու տային առանձնանալ գրադարանին մէջ, ուսումնասիրել այդ արգիլուած գիրքերը…»։

Չենք կասկածիր որ բոլորին համար հոգեհարազատ պիտի թուի մեծ երաժիշտին այս իրաւացի խոստովանութիւնը արուեստի այսօրուան կոչումներուն մասին.

«Ես կը զարմարնամ, որ մինչեւ հիմա արուեստի վաստակաւոր կոչում ունիմ… այսօր ինձմէ ցած՝ նոյնիսկ նկուղային մակարդակը նման կոչումներ կը ստանայ։ Ես բարոյական մերսում կը համարեմ կոչումները։ Ես կարեւորութիւն կու տամ արուեստի բոլոր բնագաւառներուն մէջ, հին աւանդոյթները շարունակելուն…

Կը ցաւիմ, երբ Վէրնիսաժ կ’երթամ եւ կը տեսնեմ մեր արուեստագէտները, որոնք իրենց կենցաղի խնդիրները կը փորձեն լուծել…

Ամօթ չէ՞՞՞…»։

Շաքարեանին նմանատիպ խոհերուն ծանօթանալով, պիտի չզարմանանք թէ ան կը հաւատայ որ՝ «արուեստագէտը պէտք է իր հայրենիքին մէջ ապրի։ Անոր կապը պէտք է ի՛ր հայրենիքին հետ ըլլայ, ոչ թէ օտար պետութեան մը գերին դառնայ։ Շատերը գացին ու տարբեր միջոցներով կ’ապրին, այնքան՝ որ գոյատեւեն։ Զիս շատ կանչեցին տարբեր երկրիներէ, նոյնիսկ Վրաստանի Ճազային Նուագախումբը ղեկավարելու համար հրաւիրեցին, բայց ես մերժեցի։

Ես իմ երկիրս ունիմ…»։

Օրեր առաջ, մահացաւ Շաքարեանը իր երկրին մէջ, ուր ապրած ըլլալուն համար, ստիպուած եղած էր 500 $-ի, երաժիշտին արտայատութեամբ՝ «կոպեկներու դիմաց» գրել  իր ամենայայտնի գործերէն մէկը՝ «Ֆրանսական Քուինթէթը»։

«Նոյնիսկ եթէ դուն Ստեփան Շաքարեանն ես, բայց Հայաստան կ’ապրիս, ուրեմն կրնաս, եւ երբեմն ալ կը  ստիպուիս, գրել ոչ այնքան բարձր վարձատրութեամբ…»։

Այո՛…

Օրեր առաջ, իր երկրին՝ Հայաստանի մէջ մահացաւ մեծ երաժիշտ Ստեփան Շաքարեանը։

Յիշատակդ անթառամ Հայ երաժիշտ…

 

Սեւան Սեմէրճեան