Քուէյթի շէյխուհի, Քուէյթի Իսլամական հնութիւններու թանգարանի (DAI) գլխաւոր տնօրէն, Ալ-Սապահ հաւաքածուի համասեփականատէր Հուսա Սապահ Ալ-Սալէմ Ալ-Սապահի պատուիրակութեան կազմին հետ Հայաստան գտնուած է նաեւ Քուէյթի մշակոյթի, արուեստի եւ գրականութեան ազգային խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Քամէլ Ալ Ապտուլ Ճալիլը: Ան լրագրողներուն ըսած է, որ Հայաստան այցի արդիւնքներէն քաջալերուած՝ համագործակցութեան ծրագրեր կը մշակեն։
«Երկու մեծ ծրագիր կը նախատեսենք իրականացնել Հայաստանի հետ. Քուէյթի մէջ կը գործէ Իսլամական հնութիւններու թանգարանը, ուր կը գտնուին իսլամական մշակոյթի եւ արուեստի ամենամեծ եւ ամենահին կտորները։ Պէտք է այդ նմուշներէն բերենք այստեղ: Կը մտածենք նաեւ ամենահին արաբական եւ իսլամական ձեռագրերը այստեղ ցուցադրելու մասին»,- ըսած է ան:
Հայ պաշտօնեաներու հետ հանդիպման ընթացքին քուէյթցի հիւրերը յայտարարած են, որ կը նախատեսեն նաեւ մշակութային շաբաթներ կազմակերպել՝ հայկական մշակութային շաբաթ Քուէյթի մէջ եւ Քուէյթի մշակութային շաբաթ Հայաստանի մէջ:
Համագործակցութեան ծրագրերու մեծ մասը Երեւանի Մատենադարանի հետ պիտի կազմակերպուի:
«Քուէթի մէջ ունինք շատ ժամանակակից սարքաւորումներ, որոնք մեզի թոյլ կու տան թուայնացնել հին գիրքերը եւ անոնք ճիշդ ձեւով պահպանել»,- ընդգծած է Քուէյթի մշակոյթի, արուեստի եւ գրականութեան ազգային խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարը։