«Ռուսական երկաթուղիներ» պետական ընկերութիւնը կը պատրաստուի խզել Հայաստանի իշխանութիւններու հետ համաձայնագիրը՝ հաւաստիացնելով, որ անոնք կ’արգելափակեն իր դուստր ընկերութեան՝ «Հարաւկովկասեան երկաթուղիներ»-ու աշխատանքը, որ կը ղեկավարէ հայկական երկաթուղիները: Այդ մասին RTVI-ին ըսած է աղբիւրը, որ ծանօթ է Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններու ընթացքին:
Նշուած է, որ տեղեկութիւնը հաստատած են ՌԴ փոխադրութեան նախարարութենէն:
«Ռուսական երկաթուղիներ»-ու յարաբերութիւնները ՀՀ իշխանութիւններու հետ սրուած են խուզարկումներու ու քրէական գործերու պատճառով, որոնք Երեւանը յարուցած է «Հարաւկովկասեան երկաթուղիներ»-ու դէմ:
2018 թուականի օգոստոսին ընկերութեան գրասենեակին մէջ խուզարկումներ եղած են 19 000 տոլարի չափով հարկեր չվճարելու կասկածանքով: Ընկերութենէն նշած են, որ ուժայինները առգրաւած են իրենց փաստաթուղթերը:
Դեկտեմբերին ՀՀ քննչական կոմիտէէն յայտնած էին, որ կը հետաքննեն «Հարաւկովկասեան երկաթուղիներ»-ու՝ վերջին 10 տարուան գործունէութիւնը:
RTVI-ի աղբիւրներու համաձայն՝ ընդհանուր առմամբ ընկերութեան դէմ յարուցուած է 7 գործ: Ընկերութիւնը փորձած է իր փաստաթուղթերը վերադարձնել դատարանի միջոցով, սակայն անոր մերժած են:
Ընկերութիւնը եղած մեղադրանքները անհիմն կը համարէ: