Փարիզի մէջ կայացած է Շառլ Ազնաւուրի նուիրուած «Շառլի հայեացք»ը ֆիլմի առաջին ցուցադրութիւնը

Փարիզի  «Elysées–Biarritz» շարժանկարի թատրոնին մէջ  կայացած է «Շառլի հայեացքը» ֆիլմի առաջին ցուցադրութիւնը, որ նուիրուած է հայազգի մեծանուն երգահանին: Ֆիլմը առաջին դիտողները Շառլի հարազատներն ու ընկերներն են: Այն նկարահանուած է Շառլի անձնական արխիւի նիւթերու հիման վրայ:

«1948 թուականին ֆրանսական շանսոնիէ թագուհի Էտիթ Փիաֆը նուիրած է Շառլին իր կեանքի առաջին տեսախցիկը, որմէ Ազնաւուրը ա՛լ երբեք չէ բաժնուած: 1980-ականներուն այդ տեսախցիկով նկարահանած նիւթը հարիւրաւոր ժամեր կը կազմէր: Այդ նկարահանած նիւթը իւրատեսակ օրագիր դարձած էր, որու հիման վրայ ալ նկարահանուած է ֆիլմը»,- պատմած է ռեժիսոր եւ Ազնաւուրի մօտ ընկեր Մարք Տի Տոմենիքօն:

Ազնաւուրի հիմնադրամէն նաեւ տեղեկացուցած են, որ քանի մը խոշոր նախագիծեր մեկնարկած են, որոնք ուղղուած են Ազնաւուրի ժառանգութեան պահպանման:  Այդ ցուցակին մէջ «Շառլի հայեացքը» ֆիլմը, որ Ֆրանսայի մէջ մեծ պաստառ բարձրացաւ երկու Հոկտեմբերին, առաջիններէն մէկն է: