Նալպանտեանի խորհուրդը Ատրպէյճանին

Հայաստանի ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Ատրպէյճանի ղեկավարութեան խորհուրդ  տուած է վերադառնալ իրականութեան:

Չեխ գործընկեր Լիւբիմոր Զաորալեկի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ՝ պատասխանելով Ատրպէյճանի մէջ ժողովրդավարական հիմնարկներու գործունէութեան շուրջ ԵԽԽՎ-ի զեկոյցի եւ ատով Արցախի հարցով սադրիչ ձեւակերպումը հանելու մասին հարցին` Նալպանտեան նշած է, որ Ատրպէյճան, փորձելով փրկել օրէ օր նուազող հեղինակութիւնը, կը ձգտի արդարացնել բռնապետական վարչակարգը: Իսկ այդ փորձերը ԵԽԽՎ բազմաթիւ պատգամաւորներու մօտ բացասական արձագանք եւ անհամաձայնութիւն կ’առաջացնեն:

Այդ առիթով Էդուարդ Նալպանտեան Ատրպէյճանին խորհուրդ տուած է քարիւղա-խաւիարային վերացական աշխարհէն իրականութիւն վերադառնալ` մեկուսացման մէջ չյայտնուելու համար: