հայկական Սբ. Պետրոս վանական համալիրը կը նախատեսուի վերանորոգել

Թուրքիոյ Պաթման նահանգի Սասուն գաւառին մէջ գտնուող 1500-ամեայ հայկական Սբ. Պետրոս վանական համալիրը պետականօրէն արձանագրուած է:

Ըստ ermenihaber.am-ի՝ թրքական «Haberler»  լրատուամիջոցը կը յայտնէ, որ արձանագրութիւնը իրականացուած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Տիարպէքիրի մշակոյթի եւ բնական ժառանգութեան պահպանման տարածքային կեդրոնին կողմէ: Տարածքը զբօսաշրջութեան առումով  աւելի գրաւիչ դարձնելու նպատակով որոշում կայացուած է վերականգնել եկեղեցին եւ յարակից հայկական գերեզմանները:

350 սենեակէ բաղկացած եկեղեցական համալիրը վերջին շրջանին տեղաբնակներու կողմէ որպէս ախոռ կ’օգտագործուէր: Կառոյցի ներսը լեցուած էր աղբով:

Վանական համալիրի համար տարիներ շարունակ պայքար մղող Սասունի, Պիթլիսի, Մուշի, Վանի եւ Իսթանպուլի հայերու ընկերային օգնութեան, համերաշխութեան մշակութային միութեան ղեկավար Ազիզ Տաղջըն յայտարարած է. «Մենք պիտի  շարունակենք պայքարը հայերուն պատկանող պատմական եկեղեցւոյ, վանական համալիրի եւ բոլոր յարակից կառոյցներուն համար»:

Հետաքրքրական է, սակայն, որ Սասունի Մեշելի (Քոմք) գիւղին մէջ գտնուող պատմական համալիրը արձանագրուած է Չայըրլը գիւղին վրայ, որ յառաջացուցած է հայերու վրդովումը: Ըստ Ազիզ Տաղջըի` պատմական բոլոր աղբիւրներուն մէջ կը նշուի, որ սբ. Պետրոս առաքեալի եկեղեցին ու վանական համալիրը կը գտնուին Քոմք, այսինքն Մեշելի գիւղի տարածքին մէջ: Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ իրենք պիտի սկսին համապատասխան իրաւական գործընթացք` այդ սխալը ուղղելու համար: