Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ նորին վսեմութիւն Անահիտ Յարութիւնեանի այցը Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցի

Հինգշաբթի՝ 19 Սեպտեմբեր 2019-ին, Գանատայի մէջ ՀՀ նորանշանակ դեսպան նորին վսեմութիւն Անահիտ Յարութիւնեան այցելեց Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցի։

Տիկին դեսպանին կ՛ընկերակցէին Թորոնթոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս՝ տիար Վարուժան Լափոեանը, տիկին Մարիամ Վիրապեանը եւ տիար Խորէն Մարտոեանը, որոնց դիմաւորեցին Գանատահայոց Թեմի փոխառաջնորդ՝ եւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. քհնյ. Զարգարեան, հոգեւոր հովիւի օգնական՝ Արժ. Տ. Հայարի քհնյ. Թանաշեան, Ծխական Խորհուրդի ատենապետ՝ Տիկին Ռոզին իմաստունեան եւ գրասենեակի աշխատակազմի անդամներ։

Տէր Զարեհ քհնյ. Զարգարեանի ուղեկցութեամբ յարգարժան հիւրերը շրջեցան եկեղեցւոյ կառոյցի ներքին եւ արտաքին բաժանմունքները, ծանօթանալով անոր ամփոփ պատմութեան եւ տեղեկանալով եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 91-րդ ամեակի մասին։

Հիւրերը մասնակից դարձան քահանայ հայրերու մատուցած աղօթքին, յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան, Հայ ժողովուրդի ապահովութեան եւ նորանշանակ դեսպանի առաքելութեան յաջողութեան։ Ապա, հիւրերը ուղղուեցան ընդունարան, մասնակից դառնալու հիւրասիրութեան, որուն ընթացքին խօսակցութեան եւ քննարկման նիւթ դարձան զանազան թեմաներ, գանատահայ համայնքի եւ Հայաստանի ժողովուրդի փոխ յարաբերութեան առնչուած։

Տ. Զարեհ Ա. քհնյ. Զարգարեան Ծխական Խորհուրդի եւ Յարակից Մարմիններու անունով փոխանցեց բարեմաղթութիւններ եւ յայտնեց ամբողջական աջակցութիւն յարգարժան դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանին։