Գանատայի Եկեղեցիներու Խորհուրդը հիմնադրուած է 75 տարիներ առաջ Թորոնթոյի Yorkminster եկեղեցւոյ մէջ։ Իր շնորհաւորական խօսքին մէջ Գանատայի գլխաւոր նահանգապետ՝ Նորին Վսեմութիւն Julie Payette մատնանշեց Գանատայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի կարեւոր դերակատարութիւնը վերջին 75 տարիներու ընթացքին։ «Գանատայի Եկեղեցիներու Խորհուրդը կրօնական հաստատութիւններուն համար դարձած է այն հարթակը, ուր անոնք դրսեւորած են իրենց հաւատքը եւ բարեգործութիւններով հարստացուցած իրենց շրջապատը։ Խորհուրդը աշխատանք տարած է նաեւ բարելաւելու երկխօսութիւնն ու փոխըմբռնումը տարբեր դաւանանքներու միջեւ, ջանալով որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ինքզինք զգայ ընդունուած եւ յարգուած»։
Վարչապետ Trudeau իր կարգին շնորհաւորեց շատ կարեւոր այս իրադարձութիւնը, իր խօսքին մէջ գովաբանելով զայն- «Գանատայի եկեղեցիներու Խորհուրդը 1944-ին իր հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր հանդիսացած է Գանատայի քրիստոնեաներու եւ անոնց ծխականներուն որպէս հետեւողական եւ վստահելի նեցուկ։ Անոնց Խաղաղութեան եւ միասնութեան կոչերը ոգեշնչած են նաեւ շատերը»։
26 Սեպտեմբեր, 2019-ին, Գանատահայոց Թեմի փոխառաջնորդ եւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Ա. քհնյ. Զարգարեան, ընկերակցութեամբ՝ Հոգեւոր Հովիւի օգնական՝ Արժ. Տ. Հայարի քհնյ. Թանաշեանի ներկայ գտնուեցան պաշտամունքի եւ գոհաբանական արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի Yorkminster Park Baptist եկեղեցւոյ մէջ։
75 ամեակի ժողովրդային պաշտամունքի արարողութիւնը վերնագրուած էր «Քրիստոս- Համայնք- Կարեկցանք» խորագիրով։
Արարողութիւնը կը գլխաւորէին Թորոնթոյի Անգլիոյ թեմի Էքումէնիք պատասխանատու՝ The Rev. Canon Philip Hobson OGS եւ The Rev. Dr. J. Peter Holmes նոյն եկեղեցւոյ միաբանութեան նախարարը։ Հայր Amanda Currie ի քարոզին նիւթն էր «Միասնաբար աճինք»։
Երեկոյեան ժամերգութիւնը, որ բաղկացած էր աղօթքներէ, ներկայացուեցան Գանատայի մէջ տարբեր լեզուներով գործող եկեղեցական առաջնորդներու կողմէ։ Գանատահայոց փոխառաջնորդ Տ. Զարեհ Աւագ քհնյ. Զարգարեան մատուցեց արարողութեան եզրափակիչ գոհաբանական աղօթքը Հայերէն եւ Ֆրանսերէն լեզուներով։
Երախտագիտութեան յատուկ խօսք Գանատայի եկեղեցիներու Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար՝ Peter Noteboom-ին, հայր Canon Dr. Alyson Barnett-Cowan-ին, Գանատայի եկեղեցիներու Խորհուրդի նախկին նախագահին, Գանատայի Անկլիքան եկեղեցւոյ եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին յատկապէս իրենց նուիրուածութեան համար։