Ամերիկեան System of a Down ռոք խումբը յայտնած է, որ յաջորդ տարուան՝ 2020-ի համերգներու հասոյթի մէկ մասը պիտի փոխանցէ Հայաստանին։
«VIP կարգի տոմսերու վաճառքէն ստացուած միջոցները պիտի փոխանցուին «Իմ քայլը» հիմնադրամին, որ կ’աջակցի Հայաստանի մէջ առողջապահութեան, կրթութեան, բարեկեցութեան, շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեանն առնչուող նախաձեռնութիւններուն»,- ըսուած է խումբի հրապարակած յայտարարութեան մէջ։
Խումբի համերգները ծրագրուած են 2020-ի յունիս–յուլիս ամիսներուն` Հոլանտայի, Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Մեծ Բրիտանիոյ, Չեխիայի, Հունկարիոյ, Զուիցերիոյ, Ֆինլանտայի, Լեհաստանի, Սպանիոյ ու Փորթուկալի մէջ։ Խումբի եկող տարուան ծրագրերուն մէջ հայաստանեան համերգ չկայ: