Պաշտօնական ընդունէլութիւն Հայաստանի անկախութեան 28-րդ տարեդարձի նշման առթիւ
Չորեքշաբթի՝ 9 Հոկտեմբեր 2019-ին, Օթթաուայի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ կայացաւ ընդունելութիւն՝ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 28-րդ ամեակին։
Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ն.Վ. Անահիտ Յարութիւնեանն իր ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի յեղափոխութենէն ի վեր սկիզբ առած ժողովրդավարական բարեփոխումներուն՝ ուղղուած մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեանն ու խօսքի ազատութեանը։
Կարեւորելով փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան վրայ հիմնուած Հայ-Գանատական բարեկամական յարաբերութիւնները՝ դեսպան Յարութիւնեան ընդգծեց, որ ատոնց մէջ առանձնակի լիցք հաղորդեց 2018 թուականի Հոկտեմբերին Գանատայի վարչապետ Ջասթըն Թրուտոյի Երեւան կատարած պաշտօնական այցը։ Երկու երկրներու մշտապէս զարգացող յարաբերութիւններու մէջ դեսպանը բարձր գնահատեց Գանատայի հայ համայնքի ունեցած դերակատարութիւնը։
Խօսելով օրերս Երեւանի մէջ կայացած տեղեկատուական տեխնոլոկիաներու համաշխարհային գոնկրէսի (WCIT) մասին՝ Ա․ Յարութիւնեանը ներկայացուց Հայաստանի մէջ օրէցօր զարգացող տեղեկատուական տեխնոլոկիաներու ոլորտի յաջողութիւնները։ Անդրադարձ եղաւ նաեւ Թումօ ստեղծարար տեխնոլոկիաների կեդրոնին, որն արդէն իսկ Հայաստանի այցեքարտն է դարձել աշխարհի մէջ։
Դեսպանը խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ յաջողութեամբ իր գործունէութիւնը ծաւալող Դիլիջանի UWC միջազգային դպրոցի մասին՝ ուրախութեամբ նշելով, որ այս տարի արդէն հաստատութեան մէջ կ’ուսանին Գանատայի 4 քաղաքացի։
Միջոցառմանը ներկայ էին Գանատայի մէջ հաւատարմագրած մեծ թիւով դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, Գանատայի արտաքին գործերի նախարարութեան աշխատակիցներ, ինչպէս նաև հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։