«Աւրորա» համաժողովի ծիրին մէջ «Արեւելեան պատմական ժառանգութեան վերածնունդ» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ Հոկտեմբեր 14-ին Շուշիի մէջ տեղի ունեցաւ Գոհար տիկնոջ Վերին մզկիթի վերականգնման աշխատանքներու աւարտին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Մզկիթը վերանորոգուած է նախաձեռնութեամբ Արցախի կառավարութեան «Արեւելեան պատմական ժառանգութեան վերածնունդ» հիմնադրամին եւ ֆինասաւորմամբ՝ «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամին:
Արարողութեան բացման խօսքը կարատեց Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան: Ան նշեց` Շուշիի մէջ վերականգնուած է եւս մէկ յուշարձան, որուն նպատակը մշակութային բազմազանութեան ապահովումն է: «Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ կը վերականգնուին մեր վանքերն ու եկեղեցիները: Իրանական մշակոյթի այն յուշարձանները, որոնք կը գտնուին Արցախի մէջ, մասնաւորապէս, Շուշիի, նոյնպէս մեր հոգածութեան տակ են, քանի որ հայ-իրանական բարեկամութիւնը խոր արմատներ ունի: Մզկիթը պիտի գործէ որպէս հայ-իրանական գիտամշակութային կեդրոն: Այս համալիրը պիտի նպաստէ հայ-իրանական կապերու ամրապնդման»,- ըսած է Յովհաննիսեան:
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան նշած է, որ գիտամշակութային կեդրոնի բացումը կարեւոր է, որովհետեւ անիկա կրնայ դառնալ իսլամական մշակոյթի հետազօտման կարեւոր կեդրոններէն մէկը:
Ըստ Յարութիւնեանի՝ իրենց նախարարութիւնը պիտի գոյքագրէ Հայաստանի մէջ առկայ Շիա մշակոյթի ցուցանմուշները, որոնք կարելի է պարբերաբար ցուցադրել Շուշիի մզկիթի տարածքին:
«Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի Արցախի զարգացման ծրագիրներու ղեկավար Սուրէն Ամիրբեկեան շնորհակալութիւն յայտնած է Արցախի կառավարութեան, ինչպէս նաեւ այն բարերաներուն, որոնց շնորհիւ երկու տարուան մէջ ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ, յոյս յայտնելով, որ մզկիթը պիտի դառնայ զբօսաշրջային վայր:
IdeA հիմնադրամի համահիմնադիր, գործարար Ռուբէն Վարդանեան «Արցախփրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ շատ ուրախ ու շնորհակալ է բոլոր անոնց, որոնք այս ծրագիրը իրականութիւն դարձուցին։ «Ծրագրի իրականացման միտքը յառաջացաւ, երբ մենք ընկերներով հերթական անգամ կ’այցելէինք Շուշի: Շուշին Արցախի կարեւոր մշակութային կեդրոնն է, որ պէտք է պահպանուի եւ զարգանայ: Այն, ինչ ունինք, պէտք է պահպանենք ու յարգենք մեր պատմութիւնը: Եթէ մենք կ’ուզենք, որ այլ երկրները պահպանեն մեր մշակոյթը, ապա մենք ալ պէտք է պահպանենք անոնցը: Մեր հիմնադրամը կ՛աշխատի ամբողջ աշխարհի մէջ պահպանելու հայկական արժէքներն ու մշակոյթը: Ունինք այլ ծրագիրներ, որոնք պէտք է իրականացնենք ըստ հերթականութեան եւ պահանջքի»,- աւելցուցած է Վարդանեան:
Հայ Առաքելական եկեղեցու Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք․ Մարտիրոսեան իր խօսքին մէջ նշած է,թէ ինք բարձր կը գնահատէ Շուշիի մէջ գտնուող իրանական մզկիթի վերականգնումը:
Բացման արարողութեան ներկայ Արցախ նախագահ Բակօ Սահակեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, հիմնադրամի ներկայացուցիչներ եւ նուիրատուներ, պետական այլ այրեր շրջած են մզկիթի եւ մետրեսէի շէնքերը, որմէ ետք դիտած մզկիթին վերաբերեալ լուսանկարչական ցուցահանդէսը: