Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ» թեմայով համաժողով

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ուսումնարանը սիրով կը հրաւիրեն մասնակցելու «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ» թեմայով համաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 2015 թ. Յուլիս 29-30 ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ:

Հայաստանի եւ Սփիւռքի մասնագէտները, մտաւորականները կը հրաւիրենք մասնակցելու քննարկումներուն`  հետեւեալ ուղղութիւններով.

  • Արեւմտահայերէնի պահպանութեան, գործառութեան, ուսուցման, կանոնարկման խնդիրներ.
  • Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ.
  • Հայերէնի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներ:

Համաժողովին մասնակցիլ ցանկացողներուն կը խնդրենք յայտադիմումները ներկայացնել մինչեւ 2015 թ. Յուլիս 20:

Կը խնդրենք Ձեր զեկուցման դրոյթներն ու առաջարկները ուղարկել մինչեւ ս.թ. Յուլիս 25, lingvinst@sci.am  էլ. փոստով:

Համաժողովի մասին տեղեկատւութիւն կրնաք ստանալ` այցելելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կայքէջեր` www.mindiaspora.am, www.hayernaysor.am եւ ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ուսումնարանի կայքէջ` www.language.sci.am:

Հարցերու կամ լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք զանգահարել ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեանին, հեռ` +374 010 58 56 01 (117)  եւ ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ուսումնարանի հայոց լեզուի պատմութեան բաժինի վարիչ, բ.գ.թ., դոցենտ Գայեանէ Մխիթարեանին, հեռախօս` +374 55 35-12-85:

ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ՀՀ ԳԱԱ Հ. ԱՃԱՌԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ԼԵԶՈՒԻ ԻՆՍՏԻՏՈՒՏ