Պոլսոյ մէջ ոգեկոչած են Արա Կիւլէրի յիշատակը

Աշխարհահռչակ պոլսահայ լուսանկարիչ-արուեստագէտ Արա Կիւլէրի մահուան մէկ տարուան կապակցութեամբ յիշատակի արարողութիւն տեղի ունեցած է Շիշլիի անոր շիրմաքարի մօտ: Կրօնական արարողութիւնը կատարած է Արամ արք. Աթէշեանը: Ան նշած է, որ Արա Կիւլէրը պոլսահայ համայնքէն ծնած համամարդկային արժէք է, որու թողած աւանդը միշտ հպարտութիւն կ’առաջացնէ: Լուսանկարիչի շիրիմին ծաղկեպսակներ դրուած են շարք մը պաշտօնեաներու անունով, անոնց մէջ եղած է նաեւ Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի անունը կրող ծաղկեպսակը:

Կենդանութեան օրօք «Իսթանպուլի աչք» եւ «100-ամեակի լաւագոյն լուսանկարիչ» բնորոշումները ստացած Արա Կիւլէրը կեանքէն հեռացած է 2018 թուականի 17 Հոկտեմբերին՝ 90 տարեկանին: Մահուընէ մէկ ամիս առաջ Պոլսոյ Պոմոնթի գարեջուրի գործարանի պատմական շէնքին մէջ բացուած է Արա Կիւլէրի թանգարանը, ուր ներկայացուած են արուեստագէտի արխիւային լուսանկարները, պատմուածքները, նօթերը, տեսանիւթերը, նկարները, անձնական իրերը, գիրքերը, լուսանկարչական սարքերը: