Օգոստոս 21ին, Հայաստանի Ալ. Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ հանգուցեալ ճարտարապետ եւ հնագէտ Շահէ Տէր Գէորգեանի մասնագիտական արխիւի որոշ նիւթերու նուիրումը տուեալ թանգարանին:
Տեղեկանալով հաստատութեան կողմէ քանի մը ամիսներ կատարած այն յայտարարութեան, ուր դիմում կը կատարուէր ճարտարապետներու եւ անոնց ընտանիքներուն եւ ժառանգորդներուն, համագործակցիլ եւ փոխանցել իրենց կամ իրենց նախնիներուն հաւաքած մասնագիտական արխիւներէն նմոյշներ, զանոնք դարձնելով հանրային գիտելիքի ձեւաւորման անքակտելի մասը եւ վառ պահելով անուանի ճարտարապետների յիշատակը, հանգուցեալ ճարտարապետ Շահէ Տէր Գէորգեանի (1944-1998) ընտանիքը փափաքած էր փոխանցել անոր կողմէ կատարուած որոշ աշխատանքներ:
Ճարտարապետի որդին՝ քալիֆորնիաբնակ Արմէն Տէր Գէորգեան արդէն իսկ իր հօր արխիւէն մաս մը 2002ին յանձնած էր նշեալ թանգարանին։
Իսկ 21 Օգոստոսին, ճարտարապետի եղբօր աղջիկը՝ Կասիա Տէր Գէորգեան, թանգարանին յանձնեց այդ արխիւէն այլ մաս մը, որ ստացուած էր Միացեալ Նահանգներէն: Յանձնուածները Հայաստանի բազիլիկ յուշարձաններու լուսանկարներու երեք մեծածաւալ հատորներն են (242 էջ)՝ Շահէ Տէր Գէորգեանի կողմէ լուսանկարուած եւ տպուած 1974ին, իսկ յետագային, Միացեալ Նահանգներու մէջ դասաւորուած ճարտարապետ Վարուժան Աքշեհիրլեանի կողմէ:
Այս նկարները օգտագործուած էին Շահէի գիտական ուսումնասիրութեան համար, որ յետ մահու լոյս տեսաւ՝ «Հայաստանի Եւ Սիրիայի Վաղքրիստոնէական Ճարտարապետութեան Առնչութիւնները» գիրքով (խմբագիր՝ ճարտարապետութեան դոկտոր, փրոֆ. Մ.Մ. Հասրաթեան):
Գիրքը լոյս տեսաւ նաեւ արաբերէն ու անգլերէն թարգմանութիւններով: Այդ գիրքերը նոյնպէս յանձնուեցան թանգարանին: Յանձնուեցան նաեւ Շահէի հաւաքած այլ նիւթեր՝ հայ-ասորական կրօնական առնչութիւններու վերաբերեալ, ձեռագիր վիճակի մէջ:
«Ընտանիքը գտնում է, որ նմանօրինակ սեփականութեան յարմարագոյն վայրը Հայաստանում գտնուող այս թանգարանն է, եւ այս աշխատանքները հանգրուանելով ապահով միջավայրում կարող են օգտակար լինել այս նիւթերով հետաքրքրուող մասնագէտներին», նշուած է այս մասին յղուած հաղորդագրութեան մէջ:
Յանձնման արարողութեան ներկայ էին՝ փրոֆ. Մուրադ Հասրաթեան, թանգարանի տնօրէն Մարկ Գրիգորեան եւ թանգարանի այլ աշխատակիցներ: