Վերջերս Լոս Անճելըսի մէջ լոյս տեսաւ գրող, հրապարակախօս եւ առաւել քան 40 գիրքերու հեղինակ Բակուր Կարապետեանի «The Ten Roots of Artsakh Problem» անգլերէն գիրքը, որուն մէջ հեղինակը հանգամանօրէն եւ պատմական ճշմարտութիւնները վեր հանելով կը ներկայացնէ Արցախի հիմնահարցին 10 արմատները: «Շուշի» հիմնադրամի հրատարակած հատորը կարելի է գնել «Սարդարապատ» կամ «Ապրիլ» գրախանութներէն: