ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿԱՅԻՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՎ ՍԱՐՔՈՒՑԱՒ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Յարութիւն Դերձակեան 

 

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի ( Հ.Հ.Հ.) Թորոնթոյի մասնաճիւղը իր հիմնադրութեան 27-րդ տարեդարձին առիթով սարքած համագաղութային հանգանակային ճաշկերոյթը, որ այլեւս աւանդութիւն մը դարձուցած է, մեծ շուքով տեղի ունեցաւ 20 Հոկտեմբեր 2019 Կիրակի երեկոյեան, Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ։ Թորոնթոյի հիմնադրամը իր հիմնադրութեան թուականէն մինչեւ օրս ազատագրուած Արցախի վերաշինութեան ու զարգացման աշխատանքներուն իր մեծ ներդրումը բերելով գիւղերու մէջ մեծ ու փոքր 94 զանազան օգտակար ծրագիրներ իրականացուցած է։ Հիմնադրամին յառաջիկայ նախաձեռնութիւնը պիտի ըլլայ իրականացնել 95-րդ, ծրագիրը։

 

Երեկոյթը սկսաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի ազգային քայլերգներով, մեկնաբանութեամբ՝ քաղաքիս արժանաւոր երիտասարդուհիներէն սոփրանօ Արմէնիա Սարգիսեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Թալին Արթինեան Քըլըպոզեանի։

 

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուայ հանդիսավար՝ Թէնի Նիկողոսեան։ Օր. Նիկողոսեան ներկաները ողջունելէ ետք, պատուոյ հիւրերը մէկ առ մէկ ներկայացուց։ Ներկաներուն մէջ կը գտնուէին Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր նոր նշանակուած Դեսպան  վսեմաշուք՝ Անահիտ Յարութիւնեան, որ կը հովանաւորէր այս կարեւոր ձեռնարկը, Հ.Հ. Թորոնթոյի Պատուակալ Հիւպատոս տիար Վարուժան Լափոյեան եւ իր կողակիցը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերյարգելի Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեան, Ս. Ատստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Վարդան Վրդ. Դաշճեան, Փոխառաջնորդ եւ Ս. Երրորդուդիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան եւ Արժ. Տ. Տաթեւ քհնյ. Միքայէլեան, Ազգային բարերարներ Նալպանտեան ընտանիք եւ օրուայ պատուոյ հիւր ու բանախօս Ամերիկա Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանի Հ.Հ.Հ. ի Ատենապետուհի Տիկ. Մարիա Մեհրանեան եւ իր կողակիցը Պրն. Արմէն Մեհրանեան, որոնք յատկապէս ժամանած էին Լոս Անճէլըսէն, ինչպէս նաեւ քաղաքիս մէջ գործող քաղաքական կուսակցութիւններու, եկեղեցիներու, միութիւններու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, համալսարանական աշակերտներ, հիմնադրամին սատարող բարերարներու եւ համակիրներու մօտաւորապէս 360 հոգիէ բաղկացեալ ընտրեալ բազմութիւն մը, որոնք եկած էին իրենց նպաստը բերելու հանդէպ հիմնադրամի առաքելութեան։

 

Օր. Նիկողոսեան հակիրճ տողերով ներկայացուց Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր Դեսպան վսեմաշուք Անահիտ Յարութիւնեանը, բեմ հրաւիրեց զինք որպէսզի իր սրտի խօսքը փոխանցէ։

Դեսպան Յարութիւնեան, կազմակերպիչները, բարերարներն ու ներկաները ողջունելէ ետք հետեւեալ կերպով արտայայտուեցաւ « Ձեւաւորուելով նորանկախ Հայաստանի զուգահեռ հիմնադրամը զարգացեր ու կայացեր է որպէս բացառիկ մի կառոյց որ աշխարհացրիւ հայութիւնը համախմբած է յանուն մէկ միասնական նպատակի եւ առաքելութեան այն է Հայաստանի եւ Արցախի մեր հայրենակիցներուն բարեկեցութիւնը եւ անվտանգութիւնը։ Անհերքելի է որ հիմնադրամը իր ամենօրեայ աշխատանքով ժառանգութիւն կը դառնայ սերունդներու համար կառուցելով ապագայի կայուն ու հզօր

հայրենիքը։ » Դեսպանը յատուկ կերպով անդրադարձաւ հիմնադրամի կարեւոր ռազմավարութեան, որն է Հայաստանի ու Արցախի համակեդրոնացած ու համաչափ զարգացումը։ Շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնադրամի բոլոր հոգաբարձուներուն ու սատար հանդիսացողներուն։ Իրեն նուիրուեցաւ գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը։

 

Սեղաններու օրհնութիւնը միասնաբար կատարուեցաւ Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեանի եւ Հոգշ. Տ. Վարդան Վրդ. Դաշճեանի կողմէ։

Գեղարուեստական ղեկավար Հռիփսիմէ Թովմասեանի մականին տակ « Թեւանի » երաժշտական համոյթը հանդէս եկաւ, գեղաձայն երիտասարդ երգիչներ՝ Սեւակ Յարութիւնեան, Մինէ Սադուրեան, Լեւոն Քարակիւլեան, Թորոս Մայտոսեան եւ Դուին Գաթըրճեանի մասնակցութեամբ, որոնք յաջորդաբար մեկնաբանեցին հայրենասիրական եւ ժողովրդական երգեր։ Երաժշտութիւն Արմէն Սմբատեանի « Հայաստան» , Առնօ Պապաճանեանի « Մեր սիրելի Երեւան », Արմէն Մարտիրոսեանի « Քարերի ամրոց» եւ Արթիւր Գրիգորեանի «Հայաստան իմ չքնաղ » կտորները, որոնք գնահատուեցան ներկաներու բուռն ծափահարութիւններով։

 

Ճաշի տեւողութեան սրահին մէջ զետեղուած երեք մեծ պաստառներու վրայ մանրամասնօրէն  ցուցատրուեցան Հ. Հ .Հ. ին 2019 տարուայ մէջ կատարուած գործունէութիւններն եւ աշխատանքները։

 

Հանդիսավար Օր. Նիկողոսեան համառօտ տողերով ներկայացուց Հ.Հ.Հ. Թորոնթոյի մասնաճիւղի վարչութեան վաստակաւոր ժրաջան ու անխոնջ Ատենապետ՝ Մկրտիչ Մկրտիչեանը որ 1992 թուականէն ի վեր հիմնադրամի ատենապետն է։

 

Պրն. Մկրտիչեան Թորոնթոյի հիմնադրամի մարմնի վարչութեան անունով հանդէս եկաւ, ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց թէ՝ հայրենաշինութեան գործին մէջ առաջինը եղաւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը, որ հիմնուեցաւ անկախութենէ անմիջապէս ետք եւ 27 տարիներէ ի վեր ալ շարունակաբար եւ յարատեւութեամբ կը գործէ Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման աշխատանքներուն։

 

Պրն. Մկրտիչեան իր աշխատանքին եւ յառաջիկայ շինարարական ծրագիրներուն մասին պաստառի վրայ նկարներով մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցելէ առաջ, կանխայայտ շնորհակալութեան խօսքեր ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք առանց որեւէ ակնկալութեան սիրայօժար սատար կը հանդիսանան հիմնադրամի այժմէական աշխատանքներուն։ Այս ծիրէն ներս շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի հայ մամուլին, թուելով Թորոնթոյի « Հայ Հորիզոն » հեռատեսիլին, «Թորոնթոհայ » եւ «Լուսաբաց» ամսաթերթերուն, Մոնրէալի « Ապագայ » եւ « Հորիզոն » շաբաթաթերթերուն, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ

«Մարմարա » օրաթերթին, որոնք իրենց սուղ սիւնակները սիրայօժար ըլլալով կը տրամադրեն հիմնադրամի բոլոր ծրագիրներուն։ Մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր նուիրատուներուն, մասնաւորաբար Նալպանտեան ընտանիքին որոնք մինչեւ օրս նուիրած են 1.5 միլիոն տոլար, Բարշ. Պերճ Սրկ. Լիւլէճեանին որ նուիրած է աւելի քան 500 հազար տոլար, Յարութիւն Եսայեանին, Տէր եւ Տիկին Սարգիս-Հայկուհի Մարանճեաններուն, ինչպէս նաեւ երեք անանուն նուիրատուներուն։

Պրն. Մկրտիչեան հիմնադրամին Արցախի ու Հայաստանի մէջ կատարած ու կատարուելիք շինարարական գործունէութիւններուն մասին լիակատար տեղեկութիւններ փոխանցեց։

Լրացած ծրագիրներն են,

– Յունիս 2019 ին բացումը կատարուեցաւ Խնձորիստան գիւղին բժշկական եւ համայնքային կեդրոնի բացումը, մեկենասութեամբ՝ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Հայկուհի Մարանճեաններու։

– Ուղտասար գիւղին մէջ 100 աշակերտի համար ամենաարդիական դպրոցին բացումը կատարուեցաւ Նոյեմբեր 2018 ին.

– Մարտունիի շրջանի չորս գիւղերուն ոռոգման ջուր մատակարարուեցաւ, որոնց բացումը տեղի ունեցաւ Յունիս 2019 ին։ Երկու գիւղերուն ջուրի մատակարարման մեկենասութիւնը ստանցնած էր՝ բարերար՝ Բարշ. Պերճ Սարկաւագ Լիւլէճեան։

 

Ներկայիս Հայաստանի Արմաւիրի շրջանի Նալպանտեան գիւղին մէջ կը կառուցուին ու աշխատանք

կը տարուին բազմազաւակ եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն համար 14 հատ կահաւորուած տուներ, ինչպէս նաեւ դարձեալ Նալպանտեան գիւղին համար արդիական բժշկական կեդրոն մը, մեկենասութեամբ՝ ազգային բարերարներ Տէր եւ Տիկին Արմէն եւ Պերճուհի Նալպանտեաններու եւ իրենց ընտանիքին կողմէ։ Այս առթիւ ազգային բարերար Նալպանտեան ընտանիքին առ ի երախտագիտութիւն եւ գնահատանք Արամ Իշնարի կողմէ ոսկիէ պատրաստուած Հայաստանի զինանշանը նուիրուեցաւ։

 

Թորոնթոյի Հ.Հ.Հ. ի յառաջիկայ 95 րդ. ծրագիրն է Արցախի Պատարա գիւղին մէջ 100 աշակերտի համար արդիական նոր դպրոց մը կառուցանել։ Այս ծրագիրը հիմնադրամին պիտի արժէ 300 հազար ամերիկեան տոլար։

 

Ատենապետ Պրն. Մկրտիչեան հակիրճ տողերով ներկայացուց օրուայ պատգամաբեր Հ. Հ. Հ. ի Ամերիկա Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանի վաստակաւոր Ատենապետուհի, ճարտարագէտ՝ Տիկ. Մարիա Մեհրանեանը, որ յատկապէս ժամանած էր Լոս Անճըլըսէն։ Ուրախութեամբ հրաւիրեց զինք որպէսզի իր պատգամը փոխանցէ։

 

Տիկին Մեհրանեան բեմ բարձրացաւ եւ ներկաները ողջունելէ ետք յայտնեց թէ՝ Հ. Հ. Հ. ը առաքելութիւն մըն է որ կը գործէ անկախութենէ մինչեւ այսօր։ Այս ժամանակաշրջանին հիմնադրամը մեծ աշխատանք սարաւ Հայաստանի եւ Արցաղի տարածքին ենթակառուցային 1100 է աւելի ծրագիրներ իրականացուցած է։ Կառուցանելով դպրոցներ, հիւանդանոցներ, ջրատարներ, կազամուխեր եւ տուներ։ Մենք կը շնորհաւորենք Թորոնթոյի հիմնադրամը որ այսօր իր 95 րդ. ծրագրին կը սկսի։ Տիկին Մեհրանեան Շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն եւ սատարողներուն։ Ձեռամբ Պրն. Մկրտիչեանի իրեն նուիրուեցաւ Գանատացի յայտնի լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի հաստափոր մէկ գիրքը։

 

Նուիրահաւաքէն ետք, Պրն. Մկրտիչեան անակնկալ մը ընելով ուրախութեամբ յայտարարեց թէ՝ Թորոնթոյի 95 րդ. Նոր դպրոցի ծրագրին  յաւելեալ, միջազգային համբաւի տէր յայտնի խմբավար՝ Փիթըր Ունճեանի նուիրատուութեամբ պիտի նորոգուի Շուշի քաղաքի Դանիէլ Ղազարեան երաժշտական դպրոցը, ինչպէս նաեւ Պեհեսնիլեան ընտանիքի նուիրատուութեամբ բազմազաւակ եւ կարիքաւոր ընտանիքի մը համար ալ տուն մը պիտի կառուցուի, այսպեսով հիմնադրամին յառաջիկայ տարուայ ծրագիրներուն թիւը բարձրացաւ 97 ի։

 

Երեկոն իր աւարտին հասաւ ատենապետին շնորհակալութեան խօսքերով, այս առթիւ ուրախութեամբ յայտարարեց թէ՝այս գիշերուայ հաւաքոյթէն գոհացուցիչ գումար մը գոյացած է 880.000 գանատական տոլար։  Ձեռնարկը աւելիով հասաւ իր նպատակին, ուրախացնելով թէ՜ կազմակերպիչները եւ թէ հիմնադրամին սատար հանդիսացող նուիրատուները։