Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը Հոկտեմբեր 25-ին Ստեփանակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնին մէջ ներկայ եղաւ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեայ յոբելեանին նուիրուած ցուցահանդէսին:
Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ նախագահ Սահակեան պաշտօնատար անձերու ուղեկցութեամբ շրջած է ծանօթացաւ ցուցահանդէսին ներկայացուած աշխատանքները:
Ցուցահանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ստեփանակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի խորհուրդի նախագահ Լիւտմիլա Բարսեղեան:
Ան իր խօքին մէջ նշեց․ «Քանզի տարին թումանեանական է, ուստի ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ տարեվերջ: Ես կը ցանկամ շնորհաւորել ցուցահանդէսին մասնակից պատանի նկարիչները եւ շնորհակալութիւն յայտնել խմբակավարներուն, որոնք մեծ աշխատանք կը կատարեն` զարգացնելով մեր սաները եւ կերտելով Արցախի ապագան»։
Այնուհետեւ կեդրոնի սաները բեմադրեցին «Բարեկենդանը» ներկայացումը: