Քալիֆորնիոյ մէջ «Հայկական տիեզերք» անուանումով գորգը վաճառուած է 30,000 տոլարով: Այս մասին կը յայտնէ ԵՊԲՀ մամուլի խօսնակ Շուշան Դանիէլեան:
«Հայրենիքի պաշտպան» վերականգնողական կեդրոնի նախաձեռնութեամբ՝ Զինուորի տան հերոսները գործած են գեղեցիկ հայկական գորգ, որ կը կրէ «Հայկական տիեզերք» անունը: Գորգը գործելու աշխատանքներուն միացած են յայտնի արուեստագէտներ Տիգրան Մանսուրեանը, Ջիւան Գասպարեանը, ջազ երաժիշտ Մալխասը, «Աւրորա»-ի մրցանակակիր Թոմ Քաթինան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Աննա Յակոբեանը եւ այլք:
Վաճառքէն գոյացած ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի Զինուորի տան Հերոսներու սրճարանի եւ ուսումնական կեդրոնի կառուցման: