Նախագահը Մանսուրեանին յանձնած է Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար 1-ին Աստիճանի Շքանշանը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով` երաժշտական արուեստի զարգացման գործին մէջ ներդրած իր նշանակալի աւանդին եւ ակնա­ռու ձեռքբերումներուն համար մեծանուն երաժշտահան, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արտիստ Տիգրան Մանսուրեան պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 1-ին աստիճանի շքա­նշա­նով:

Չորեքշաբթի՝ 6 Նոյեմբեր 2019-ին, նախագահական նստավայրին մէջ Սարգսեան պետական բարձր պարգեւը յանձնած է մեծանուն արուեստագէտին:

Նախագահը շնորհաւորած է Մանսուրեանը` մաղթելով քաջառողջութիւն, ստեղծագործական նոր ձեռքբերումներ եւ անսպառ եռանդ: «Դուք վաղուց արժանացած էք մեր ժողովուրդի սիրոյն: Բայց դեռ ընելիք ունիք. որքան շատ ժառանգութիւն ձգէք, այնքան մենք հարուստ կ’ըլլանք»,- նշած է նախագահը: