Հայաստանը, Ֆինլանդիան, Էրիթրիան, Հարաւային Քորէան, Ղազախստանը, ըստ զբօսաշրջային փորձագէտներու, կրնան 2020-ին համարուիլ «դիւցազներգական ճանապարհորդութեան» (“epic travel”) յաջորդ թէժ վայրերը: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ, eTurboNews-ը կը տեղեկացնէ, որ դիւցազներգական ճանապարհորդութիւնը զբօսաշրջային ուղղութիւններու մէջ նոր բաղադրիչ է ֆինանսապէս ապահովուած անձերու համար, որոնք կը ցանկան ճեղքել սահմանները եւ ձեռք բերել եզակի փորձ: Անոնք կը ցանկան աւելին, քան պարզապէս արձակուրդը եւ կ՛առաջնորդուին յոյզերով:
«Steppes Travel»- ի գործադիր տնօրէն Ատըմ Սեպպայի խօսքով` մարդիկ կու գան իրենց քով եւ կը հարցնեն վայրերու մասին, որոնց վերաբերեալ տեղեկացած են «Instagram»-ի մէջ: «Կ՛ըսեն` կը ցանկամ երթալ այնտեղ, շատ յուզառատ ճանապարհորդութիւն կ՛ըլլայ»,-նշած է փորձագէտը: Կը նշուին, որ դիւցազներգական ճանապարհորդութեան ոճը, որ յաճախորդները կը փնտռեն, շատ յաճախ կը բերէ անհատական երթուղիի` զբօսարջային ընկերութիւններու կողմէ հսկայական առաջարկներով:
Մասնագէտները կ՛ընդգծեն, որ այս ձեւի ճանապարհորդութեան դիմողները կը փնտռեն նաեւ կրթական կողմ, յատկապէս, երբ անոնք կը ճամբորդեն ընտանիքներով:
Հայաստանը որպէս զբօսաշրջային հետաքրքրական ուղղութիւն կը տեսնեն աշխարհի յայտնի զբօսաշրջային ընկերութիւններ (portal), պլոքըրներ: Երկիրը ներառուած է ամենատարբեր նախընտրութիւն եւ ֆինանսական հնարաւորութիւն ունեցողներու վարկանիշային ցուցակներու մէջ: «Կովկասի զարդ». այսպէս արտայայտուած էր Irish Examiner-ը` Հայաստանի զբօսաշրջային գրաւչութեան մասին: Ռուսական «National Geographic Traveler»-ը անդրադարձած էր տեղացիներու խորհուրդներով, իսկ ճանապարհորդ-պլոքըր Եւա զու Պեք Հայաստանը անուանած էր Կովկասի սիրտը: