Շաբաթ`2 Նոյեմբեր 2019-ին, Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքեց հայ գրականութեան երեցագոյն անդամը՝ Ժագ Ստեփան Յակոբեան 102 տարեկանին: Ան ծնած է 1 Օգոստոս 1917-ին, Երուսաղէմի մէջ: Երկոււ տարեկանին ծնողքին հետ կը տեղափուխուի Գահիրէ, Եգիպտոս: Կրթութիւնը կը ստանայ Գահիրէի մէջ, իսկ համալսարանական ուսումը կը շարունակէ դեղագործութեան մասնագիտութեամբ, նախ՝ Պէյրութի, ապա Գահիրէի պետական համալսարանին մէջ:
1947-ին կ’ամուսնանայ Ազատուհի Սեւյօնքեանին հետ, կ’ունենան չորս զաւակներ։ Պէյրութ կը հաստատուի եւ այնտեղ ուսուցչութեան պաշտօն կը վարէ հայկական դպրոցներու մէջ՝ դասաւանդելով հայոց լեզու, գրականութիւն եւ պատմութիւն:
1967-ին վերջնականապէս կը գաղթէ Ամերիկա, ուր բնակութիւն կը հաստատէ Քալիֆորնիոյ Փասատինա քաղաքին մէջ: Իր դեղագործական մասնագիտութեան կողքին կը դասաւանդէ հայերէն լեզու եւ գրականութիւն։ Կը պաշտօնավարէ նաեւ որպէս ուսուցիչ կիրակնօրեայ դպրոցներու մէջ։
Ժագ Յակոբեան ունեցած է բեղուն գրական աշխատանք։ Բանաստեղծութիւններ գրած է կանուխ տարիքէն։ Հեղինակն է 50-է աւելի գիրքերու եւ գրքոյկներու, բանաստեղծութիւն եւ արձակ: Իր գործերէն ոմանք արժանացած են Առաջին Մրցանակի: Հայերէնի կողքին, ան ստեղծագործած է նաեւ ֆրանսերէնով քերթուածներ։
Յակոբեան գիրքերու կողքին հրատարակած է նաեւ հոգեշունչ ձայներիզներ («Յիսուսաբոյր», «Հոգին հայկական» եւայլն):
Արժանացած է շքանշաններու: ԹՄՄ Մեծագոյն Նիւ Եորքի մասնաճիւղը զինք մեծարած է հնգամեակ մը առաջ:
Ապա տեղին է յիշել, որ 2009-ին Մոնթրէալահայ գաղութը առիթը ունեցած է հանդիպելու եւ վայելելու բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանը, երբ ան ներկայ գտնուած է իր հեղինակած «Թէքէեան Վահան, աստուածախոյզը» գիրքին շնորհանդէսին, ուր տեղի ունեցած է Մոնթրէալի ԹՄՄ կեդրոնէն ներս: Գիրքը հրատարակութիւնն է ԹՄՄ կեդրոնական մարմնին: