Այս տարի արդէն երկրորդ անգամ Ախալքալաքի մունիցիփալիթեթի Ճգնաւոր կամ Վանք կոչուող սրբատեղին տակնուվրայ ըրած են, սրբապատկերները կոտրած ու թափած։ Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ դպիր Նայիր Մելիքեան իր ֆէսպուքեան էջին նկարներ եւ տեսագրութիւն տարածած է, թէ ինչպէս աւերած են վանքը։ Երիտասարդները վանքը հաւաքած եւ մաքրած են։
Առաջին անգամ սրբատեղին աւերած էին այս տարուան Ապրիլին։ Այդ անգամ եկեղեցին աւերուած տեսած էին Խուլկումօ գիւղի երիտասարդները, որոնք ուխտի գացած էին եւ պատահաբար տեսած էին սրբատեղին աւերուած։ Գործի առթիւ Ախալքալաքի ոստիկանութեան բաժանմունքը քէրական գործ յարուցած էր։ Հետաքննութիւնը սկսած էր «Մշակութային ժառանգութեան կամ Վրաստանի օրէնսդրութեամբ պաշտպանուած այլ մշակութային յուշարձաններուն կանխամտածուած վնաս պատճառել»ու յօդուածով: Յանցանքը կը նախատեսէ տուգանք կամ մինչեւ երկու տարի ժամկէտով ազատազրկում:
Ախալքալաքի եւ Պաւրա գիւղի միջեւ ինկած կիրճին մէջ գտնուող 13-րդ դարուն թուագրուող Վանք կամ Ճգնաւոր մատուռը Վրաստանի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ազգային գործակալութեան կողմէ 2018 թուականի 16 Մայիսին ստացած է անշարժ մշակութային ժառանգութեան յուշարձանի կարգավիճակ:
Եկեղեցին կը գտնուի կիրճի մէջ եւ կառուցուած է տարբեր չափերու տաշած քարերով: Արեւելեան պատը կը գտնուի ժայռի մէջ: Մուտքը հիւսիսէն է: