Սեպտեմբեր 17-ին, Նիւ Ճըրզիաբնակ Յասմիկ Տէր Գրիգորեան – Աբրահամեան, Երեւանի պատմութեան թանգարանին նուիրեց ժառանգ ստացած, աւելի քան հարիւր տարուայ պատմութիւն ունեցող ձեռագործները:
1920 թուականին, Այնթապի պաշարման օրերուն Յասմիկի մեծ մայրը՝ Ազնիւ Տէր-Գրիգորեան ապաստանեցաւ Զմիւռնիա (ներկայիս՝ Իզմիր), ուր 1922-ին, ուր տեղի ունեցաւ ահաւոր Մեծ Հրդեհը: Փրկուելու համար, մեծ թիւով յոյն եւ հայ գաղթականներ, իրենք զիրենք ջուր նետեցին: Հրդեհէն փախչելով՝ տասնեակ հազարաւոր հայեր եւ յոյներ գաղթական դարձան: Անոնց մէջն էր նաեւ Յասմիկի մեծ մօր մեծ հայրը՝ Գրիգոր Տէր Գրիգորեանը:
Մօտաւորապէս 32 հազար հայեր, տեղւոյն ամբողջ՝ 36,000 քրիստոնեայ բնակչութենէն, նաւերով գաղթական տարուեցան Այնթապէն (այժմ՝ Կազիայնթապ) եւ Զմիւռնիայէն դէպի յունական՝ Միթիլինի կղզին, որ նաեւ կը կոչուի Լեսւոս եւ կը գտնուի Եգէական ծովուն հիւսիսը՝ Թուրքիոյ եզերքին մօտակայքը:
Այդ ժամանակ Յասմիկի մօր մեծ մայրը՝ Ազնիւ, յղի էր իր երրորդ զաւակով: Ան տեղեակ չէր թէ, ո՞ւր է իր ամուսինը, երբ տիրող թոհուբոհին մէջ իր երկու անչափահաս զաւակներով կը տեղափոխուի յունական Փիրէա քաղաքը, որուն ծանր կեանքին չկարենալով յարմարիլ, ձեռքը անցած սպիտակ կտորներու եւ շղարշներու վրայ կը սկսի բանիլ «շուքի գործ» եւ վաճառել զանոնք՝ ապրուստ ապահովելու եւ զաւակներուն կարենալ պահելու համար:
Ամերիկացի միսիոնարները կը բացայայտեն Ազնիւի տաղանդը եւ կը հետաքրքրուին անոր ձեռային աշխատանքներով: Պատուէրներ կու տան հայ մօր, որպէսզի ան իր զաւակներով կարենայ գոյատեւել իր ձեռքի աշխատանքով: Վեց ամիս ետք Ազնիւ կը գտնէ իր ամուսինը եւ ընտանիքը կը վերամիանայ: 1923-ին կը ծնի Ճոնը, որ աւելի ուշ պիտի դառնար Յասմիկի կնքահայրը:
Ասեղնագործ այս նմուշները Յասմիկ ժառանգած է իր մեծ-մեծ մօրմէն՝ Ազնիւ Տէր Գրիգորեանէն: Հաւանական է, որ հայկական «շուքի գործ»-ի այս կտորները աւելի արժէքաւոր են, իրենց պատմութեամբ ու ապրած կեանքով, քան իրենց ներկայացուցած գծագրային պատկերներով եւ մոթիֆներով: Աւելի քան 90 տարուան իրենց գոյութեամբ՝ այս գործերը լուռ վկաները կը հանդիսանան Յասմիկի մեծ-մեծ մօր՝ Ազնիւ Տէր Գրիգորեանի եւ իր ընտանիքին ապրած դժուար կեանքին, 1915-ի ցեղասպանութեան յաջորդած՝ Զմիւռնիոյ Մեծ Հրդեհին, անոր յաջորդած գաղթականութեան տարիներուն եւ դէպի Յունաստան տարագրուած հայութեան մէկ հատուածի ապրած ոդիսականին: