ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՀԻՆԳ ԳԼՈՒԽԳՈՐԾՈՑՆԵՐԸ

Ֆրանսացի պատմաբան, Սորպոն Համալսարանի արուեստի պատմութեան փրոֆէսոր՝ Շարլ Տիլ (1859-1944) կազմած է հայկական ճարտարապետական արուեստի ՀԻՆԳ ԳԼՈՒԽԳՈՐԾՈՑՆԵՐՈՒ շարք մը, որ ուղղակիօրէն անցած է ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԳԱՆՁԱՐԱՆ։

 

Ըստ փրոֆէսոր Տիլի, հայկական ճարտարապետական արուեստի հինգ գլուխգործոցներն են՝

1- Արցախի Գանձասարի Վանքը 1216թ.

2- Անիի Մայր Տաճարը 1001թ.

3- Հաղպատի Վանքը 966թ.

4- Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցին 915թ.

5- Հռիփսիմէի Եկեղեցին 618թ.

 

“ԱՊԱԳԱՅ”- ի թիւերուն մէջ պարբերաբար՝ Գանձասարի վանքը, Անիի Մայր Տաճարը եւ Հաղպատի Վանքը ներկայացնելէ ետք, շարքը կ’աւարտենք Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցիով։

☆☆☆

ՍՈՒՐԲ ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

 

Հայկական ճարտարապետութեան ամենաիւրայատուկ եւ ամենանշանաւոր կոթողներէն մէկը համարուող  Էջմիածնի Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին, կը գտնուի Հայաստանի Վաղարշապատ քաղաքի Հիւսիս-արեւելեան կողմը։

 

 

  • Եկեղեցւոյ Հիմնադրութիւնը

 

Ըստ աւանդութեան, Տիոքղէթիանոս Կայսրի (284-305) հալածանքներէն խուսափող Հռիփսիմէն, քրիստոնեայ կոյսերուն հետ կը փախի Հայաստան եւ քրիստոնէութիւն կը  քարոզէ։

Հայաստանի մէջ, Հայոց Տրդատ Գ. Մեծ Արքայի կողմէն նոյնպէս հալածանքներու կ’ենթարկուի եւ իր հաւատակից 32 կոյսերուն հետ կը սպաննուի։

 

Ըստ մեծ պատմիչ՝ Ագաթանգեղոսի, 301թ-ին, Հռիփսիմեանց Կոյսերուն նահատակութեան տեղը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, Հայոց Տրդատ Գ. Արքան, անոր քոյրը՝ Խոսրովիդուխտն ու

Աշխէն թագուհին Վկայարան մը կառուցած են՝ կիսագետնափոր հանգստարան մը, վրան քարաշէն չորս սիւներով ամպհովանի։

 

Հինգերորդ դարուն, այդ Վկայարանը աւերած են պարսիկները, բայց Սահակ Պարթեւը նորը կառուցած է, 395 թ.-ին։

 

Ըստ 7-րդ դարու պատմիչ Սեբէոսին, Կոմիտաս Ա. Աղցեցի Կաթողիկոսը քանդած է այդ Վկայարանը՝ «ցած եւ մթին»

ըլլալու պատճառով եւ ճիշդ նոյն տեղը հիմնած է այսօրուան  Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին, 618 թ.-ին։

 

Եկեղեցւոյ Աւագ Խորանին արձանագրութեան մէջ Կաթողիկոսն ինքնիրեն անուանած է «Շինող Սրբոյ Հռիփսիմէի»:

 

Հայկական ճարտարապետության մէջ, վաղ Միջնադարուն, «Շինող» բառը կիրառուած է ճարտարապետ իմաստով,  հետեւաբար՝ Կոմիտաս Ա.  Աղցեցին եղած է եկեղեցւոյ  ո՛չ միայն կառուցողը, այլև՝ ճարտարապետը:

 

Կոմիտաս Ա. Աղցեցի կաթողիկոսը վախճանած է 628-ին։

 

Անոր աճիւնը ամփոփուած է եկեղեցւոյ մէջ՝  Սուրբ Հռիփսիմէի դամբարանին առջեւ։ Նորոգումներուն ժամանակ տապանաքարը ծածկուած է սալայատակին տակ:

 

Յետագային՝ 1653-ին, Փիլիպոս Ա. Աղբակեցի Կաթողիկոսը նորոգած է Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ գմբեթը, տանիքը, պատերուն որոշ հատուածները, սալայատակած է ներսը եւ արեւմտեան մուտքին առջեւ քառամոյթ բաց գաւիթ մը կառուցած է։

 

1655-ին վախճանած  Փիլիպոս Ա. Աղբակեցի կաթողիկոսին, Երեւանի Մահմատղուլի Խանն արգիլած է Էջմիածնի Մայր Տաճարին մօտ թաղել։ Այսպիսով, կաթողիկոսին աճիւնը ամփոփած են Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ մէջ:

 

Աւելի ուշ՝  1776-ին, Սիմէոն Ա Երևանցին կառուցած է վանքին աղիւսաշէն պարիսպները,

հիւսիսային դարպասը  եւ երկու շրջանաձեւ բուրգերը՝ Մկրտիչ Եպիսկոպոսի  միջոցներով:

 

1880-ին Ղուկաս Ա.  Կարնեցին, եկեղեցւոյ գաւիթին վրայ կառուցած է զանգակատունը:

 

1898-ին, Մկրտիչ Ա Վանեցին վանքի հարաւային կողմը կառուցած է միաբանութեան երկյարկանի շէնքը եւ պարիսպներուն հարաւային եւ արեւելեան չթրծուած աղիւսէ պատրաստուած հատուածները, փոխարինածսրբատաշ տուֆէ շինուած պատերով:

 

Վազգեն Ա. Պալճեանի հայրապետութեան տարիներուն, բարեկարգուած է վանքին տարածքը եւ հարաւային կողմը աղբիւր մը կառուցուած է (ճարտարապետ՝ Ռ. Իսրայէլեան):

 

1958-ին, եկեղեցւոյ ներսի ուշ շրջանի սուաղը մաքրուած է, Աւագ Խորանին  նոր Սեղան տեղադրուած եւ կոփածոյ երկաթէ ջահ պատրաստուած  է։

 

Նորոգումներու ժամանակ բացայայտուած են որմնասիւներուն տակ որպէս հիմնաքարեր դրուած հելլենիստական տաճարի քանդակազարդ քիւի բեկորներ, որոնք կը վկայեն, թէ Հռիփսիմէի Տաճարի տարածքին հեթանոսական տաճար մը եղած է…

 

Եկեղեցւոյ շրջապատի պեղումներուն ժամանակ բացայայտուած են նաեւ նախաքրիստոնէական եւ վաղ քրիստոնէական շրջանի թաղումներ ու վաղ միջնադարի միանաւ եկեղեցի։

 

  • Ճարտարապետութիւնը

Սուրբ Հռիփսիմէի եկեղեցին կենտրոնագմբեթ է,  ներքուստ խաչաձեւ, քառախորան, չորս անկիւններուն երեք քառորդխորշերով, որոնցմէ մուտքեր բացուած են դէպի աւանդատուները։

 

Արեւելեան՝ Աւագ Խորանին տակ Սուրբ Հռիփսիմէի  թաղածածկ դամբարանն է, որուն մուտքը  Հիւսիս-արեւելեան

աւանդատունէն է:

 

Ներքին տարածութիւնը ամբողջական է, ընդարձակ, ամփոփ եւ սլացիկ։

 

Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին իր կառուցուածքով, քարի ամբողջ պարագիծով միաձոյլ համակարգ է, որ ունի մեծ երկրաշարժակայունություն։

 

Խորաններու գմբեթարդներուն եւ անոնց տանիքներուն միջեւ ձգուած են սնամէջ տարածութիւններ, որոնք նպաստած են եկեղեցւոյ գերազանց հնչիւնականութեան եւ ծառայած են որպէս գաղտնարաններ։

 

Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ կառուցուածքային համակարգը՝ չորս խորանները, խորշերն ու անոնց վրան հանգչող գմբեթի կորագիծ մակերեւոյթները, անոր գեղարուեստական կերպարի հիմնական միջոցն է։

 

Աղօթասրահը ստացած է խիստ արտայայտիչ տարածական լուծում. ութ զանգուածեղ որմնասիւներու ուղղաձիգ ընդգծումները անոր տուած են վերասլացութիւն։

 

Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին իր տիպի կառոյցներէն կ’առանձնանայ իր ծաւալներուն չափազանց ամփոփ ու ներդաշնակ համակցութեամբ, լայնանիստ, ոչ բարձր թմբուկով (10.1մ.), գմբեթային անկիւններուն մէջ թմբուկին կցուած աշտարակիկներով, ցած ուղղանիստ ծաւալէն մինչեւ գմբեթի վեղարը ծաւալներու ներդաշնակ անցումներով, որոնցմով ձեւաւորուած է կոթողին առաւել արտայայտիչ ուրուագիծը։

 

Ճակատներուն սեղանաձեւ կտրուածքով խորշերը ուղղաձիգ ընդգծումներ ստեղծած են, որոնք ճակատներուն հարթութիւնը ծաւալային դարձնելով թեթեւցուցած են եկեղեցւոյ զանգուածեղութիւնը։

 

Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին կը պատկանի Միջնադարեան Հայաստանի եկեղեցական կառոյցներուն առաւել եւս  կատարելագործուած տիպին, որ ձեւաւորուած էր 6-րդ դարուն։

 

Ինչպէս նշեցինք, եկեղեցին իր ճարտարապետական բիւրեղեայ յստակութեամբ եւ

Կատարելագործուած յօրինուածքով, այդ տիպի  եկեղեցիներուն լաւագոյն օրինակն է:

 

Վերջապէս, պիտի նշենք որ Էջմիածնի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին ներառուած է ԵՈՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Ցուցակին մէջ, 2000 թուականէն սկսեալ։

 

                   Սեւան Սեմէրճեան