Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի օժանդակութեամբ կը վերականգնուի քսաներորդ դարու հայկական կոթողային արուեստի լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն մէկը` Օշականի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ «Փառք հայ գիրին եւ դպրութեան» եզակի որմնանկարը: Անիկա 1964-1966 թուականներուն ստեղծած են նկարիչներ Յովհաննէս Մինասեանը եւ Հենրիկ Մամեանը:
«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` Նոյեմբեր 14-ին լրագրողները մեկնեցան Օշական` տեսնելու կատարուող աշխատանքները:
«Ինչպէս Մեսրոպ Մաշտոցն է հայ հոգեւոր մշակոյթի անգերազանցելի գանձ, այնպէս ալ անոր գերեզմանի վրայ կառուցուած եկեղեցին հայ հոգեւոր ճարտարապետութեան անգերազանցելի գանձ է ոչ միայն ճարտարապետական լուծումներով, այլեւ ներսի բացառիկ որմնանկարով, որ ստեղծուած է 20-րդ դարու կէսերուն` Վազգէն վեհափառի օրհնութեամբ ու տնօրինութեամբ: Որմնանկարի վերականգնումը անհրաժեշտ էր, որովհետեւ անիկա օրէ օր կը կորսնցնէր իր գեղեցկութիւնը: Մեր բարձրաձայնած խնդրին արձագանգեց ՀՀ նախագահը եւ յանձն առաւ աջակցիլ այս գոհարի վերականգնմանը»,-նշած է եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Վիգէն քահանայ Մանուկեան:
Ան շեշտեց, որ աշխատանքները արդէն սկսած են եւ, հաւանաբար, պիտի աւարտուին մէկ ամիսէն:
Վերականգնումը կ՛իրականացնէ Որմնանկարներու վերականգման գիտահետազօտական կեդրոնը` Արժանիկ Յովհաննիսեանի ղեկավարութեամբ: Յովհաննիսեանի խօսքով` որմնանկարը բաւականին լաւ վիճակի մէջ է` հակառակ անոր, որ տարիներ առաջ ծածկէն թափանցած անձրեւաջուրերը որոշ մասերու մէջ քայքայած են ներկի շերտը: «Առաջին փուլով նախ կը մաքրենք վրայի փոշիացած շերտը, յետոյ` տեղի պիտի ունենայ ամրակայում, այնուհետեւ նորէն մաքրելու գործընթաց»,-տեղեկացուցած է մասնագէտը:
Նկարիչ Յովհաննէս Մինասեանի աւագ որդին` Մարտին Մինասեան, խօսելով որմնանկարի իւրայատկութեան մասին, յիշեցուց, որ 700 տարի Հայաստանի մէջ որմնանկար չէ եղած: «Մենք ժամանակին ունեցած ենք լաւ որմնանկարներ, բայց այդ արհեստագիտութիւնը երկար տարիներ կորսուած էր: Նախքան այս աշխատանքին լծուիլը հայրս բազմաթիւ փորձարարական գործեր կ՛ընէր, որպէսզի պարզէր` արդեօք մարած կիրի վրայ յատուկ ներկերով աշխատելու գաղտնիքը վերականգնուա՞ծ է: Ներկերը չոր ներկեր էին` բերուած Ֆրանսայէն»,-պատմած է ան: