Պաշտօնական այցելութեամբ Քաթար գտնուող Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան 20 Նոյեմբերին Տոհայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Քաթարի իշխան, հայր Էմիր Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանիի հետ։
Աւելի ուշ նախագահ Սարգսեան տեսակցեցաւ Քաթարի գործարարներու միութեան ղեկավարներու եւ միութեան անդամ գործարարներու ու ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։
Ան գործարարներուն ներկայացուց մեր երկրի ներդրումային ու մրցակցային կարելիութիւնները՝ նշելով, որ Հայաստան, սերտօրէն համագործակցելով Եւրոպական միութեան հետ, Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ է եւ կրնայ այլ երկիրներու շուկաներ հասնիլ՝ տարանցիկ լաւ կարելիութիւններ առաջարկելով։ Քաթարի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան բացումը, մուտքի արտօնագրային դրութեան չեղարկումը, երկու երկիրներուն միջեւ ուղիղ օդային հաղորդակցութեան առկայութիւնը նախագահը լաւ կարելիութիւններ նկատեց ո՛չ միայն զբօսաշրջութեան, այլ նաեւ երկկողմանի գործարար կապերու զարգացման համար։
«Հայաստանը ո՛չ միայն գեղեցիկ բնութեամբ, պատմամշակութային հսկայ ժառանգութեամբ ու հնագոյն պատմութեամբ երկիր է, այլեւ ունի բաւական արագ զարգացող զբօսաշրջութեան եւ սպասարկման ոլորտ, նաեւ՝ կայացած դրամատնային համակարգ։ Այնպէս որ, կը հրաւիրեմ Հայաստան՝ ծանօթանալու մեր երկրին եւ գործարար հնարաւորութիւններուն, ձեզի համար բացայայտելու մեր երկիրը։ Մեր դուռը բաց է ձեզի համար»,- յայտնեց նախագահ Սարգսեան։
Երկկողմանի փոխգործակցութեան զարգացման տեսանկիւնէ Հայաստանի նախագահը հեռանկարային նկատեց զբօսաշրջութեան, գիտութեան, կրթութեան եւ արհեստագիտութիւններու, սննդամթերքի արտադրութեան ու մատակարարման, ոսկերչութեան եւ այլ ոլորտներ։
Քաթարի գործարարներու միութեան անդամները ողջունեցին նախագահ Սարգսեանին այցելութիւնը իրենց երկիր եւ Հայաստանի հետ համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեցին։
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ յառաջիկային քաթարցի գործարարներու այցելութիւն կազմակերպել Հայաստան՝ համագործակցութեան կարելիութիւններուն տեղւոյն վրայ ծանօթանալու եւ փոխգործակցութեան ուղղութիւնները քննարկելու նպատակով։
Նախագահ Արմէն Սարգսեան Տոհայի մէջ նաեւ մասնակցեցաւ հեղինակաւոր «Կրթութեան համաշխարհային ստեղծարար գագաթնաժողով»-ին եւ իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ այսօր աշխարհը շփոթի մէջ է, կան բազմաթիւ հարցումներ, քիչ պատասխաններ։
Իբրեւ լուծում՝ ան կատարեց հետեւեալ առաջարկները. «Կրթութիւնն ունի կարեւոր առաքելութիւն՝ գտնելու տաղանդը: Ամէն երեխայ կը ծնի տաղանդով: Պախին չեն սորվեցուցած գրել երաժշտութիւն, ան ծնած էր այդ տաղանդով, սակայն պէտք է ստեղծել ճիշդ միջավայր եւ խրախուսել տաղանդը: Ի հարկէ, տաղանդ գտնելը հեշտ չէ, ատիկա կը պահանջէ համբերութիւն, սէր, մեծ աշխատանք: Սակայն շատ կարեւոր է, որ երեխաները գտնեն իրենց տաղանդը: Երկրորդը, կ՛ուզեմ ըսել, եթէ նոյնիսկ յաջողակ, տաղանդաւոր եւ հզօր ես, երբեք մի մոռնար, որ քու շուրջդ կան հազարաւոր, միլիոնաւոր մարդիկ, որոնք զրկուած են, հասանելիութիւն չունին նոյն արհեստագիտութիւններուն, տեղեկատուութեան, որ դուն ունես: Այսպիսով՝ երբեք մի մոռնաք միւսներուն մասին, քանի որ հանճարները չեն ծնիր հարուստ քաղաքներու մէջ, անոնք ծնած են փոքր գիւղի, քիչ յայտնի վայրի մէջ: Պարտականութիւն ունիք միշտ յիշելու այդ ամէնուն մասին: Երրորդ կէտը հետեւեալն է. մեր կեանքի նոր խթանիչ ուժը պէտք է ըլլայ այն, որ երիտասարդները հաւատան իրենք իրենց: Դուք պէտք է հաւատաք, որ կրնաք ըլլալլ ստարտափ եւ ըլլալ յաջողակ, քանի որ սա ստարտափերի ժամանակաշրջան է, այս աշխարհը սկզբնական է, քանի որ մենք մուտք կը գործենք նոր, քուանտային աշխարհ, որ ոչ միայն չորրորդ արդիւնաբերական յեղափոխութիւնն է, այլեւ այն, որ ամէն ինչ շատ արագ կը փոփոխուի, փոխկապակցուած է, եւ դուք պէտք է խորն հաւատք ունենաք, որ կրնաք ատիկա ընել, քանի որ յաջողութիւնը միայն ճիշդ կրթութիւն ստանալը, ճիշտ համալսարան աւարտելը կամ բարձր պաշտօններ զբաղեցնելը չէ: Դուք կրնաք այդ ամէնը չունենալ, բայց կրնաք դառնալ Apple-ի, Google, Facebook-ի հիմնադիր եւ ամէն ինչ հնարաւոր է: Հաւատացէք դուք ձեզի: Արդեօք գիտելիքները, տեղեկատուութիւնը բաւակա՞ն են: Կը կարծեմ՝ ոչ, քանի որ կայ մէկ այլ՝ աւելի կարեւոր բան, ատիկա ձեր ինքնութիւնն է, ձեր մարդկային արժէքը, հաւատքը, ձեր մշակոյթը: Դուք պէտք է ձեր մշակոյթը շատ լաւ իմանաք», ըսաւ նախագահը: