Հայաստանն ու Իտալիան պիտի խորացնեն համագործակցութիւնը մշակութային ոլորտէն ներս:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Իտալիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեան: Ան տեղեկացուցած է, որ յառաջիկային Հռոմի մէջ պիտի տեղադրուի մեծանուն գրող Յովհաննէս Թումանեանի արձանը:
«ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Իտալիա պաշտօնական այցին ընթացքին անդրադարձ եղած է նաեւ մշակութային համագործակցութեան: Այս ոլորտէն ներս նոյնպէս առանձնացուցած ենք համագործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւնները: Առաջարկ եղած է Միլանի մէջ Կոմիտասի արձանը տեղադրելու մասին եւ այդ ուղղութեամբ պէտք է աշխատինք: Տեղեկացնեմ, որ կը նախատեսուի Յովհաննէս Թումանեանի արձանի բացումը Հռոմի մէջ»,- ըսած է Վիքթորիա Պաղտասարեան: