Տաւուշի մէջ բացուած է ելեկտրական ինքնաշարժներու լիցքաւորման առաջին կայանը

Նոյեմբեր 23-ին Իջեւանի «Իջեւանատուն» ճաշարանին մօտ պաշտօնապէս բացուած է ելեկտրական ինքնաշարժներու լիցքաւորման առաջին կայանը, կը յայտնեն Տաւուշի մարզպետարանէն:

Բացման արարողութեան ներկայ էին Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չօպանեան, մարզպետարանի աշխատակիցներ, Ուքրանիոյ հայերու միութեան եւ տարբեր մարզերու ներկայացուցիչներ, Իջեւանի քաղաքապետ Հայկ Ղալումեան եւ այլ հիւրեր:

«Ecocars»-ը Հայաստանի մէջ ելեկտրական ինքնաշարժներու լիցքաւորման կայաններու տեղադրման ընկերային նախագիծ է, որ կ՛իրականացուի «Ուքրանիոյ հայերու Միութեան» ներդրումային ծրագիրի ծիրէն ներս:

Նախաձեռնող խումբը Տնեփրոփեթրովսքի (Dnepropetorvk) շրջանի հայ երիտասարդութիւնն է` ի դէմս Քամենսքօ քաղաքի հայերու միութեան նախագահ Ռոման Չօպանեանի: