Կիլիկիոյ ինքնապաշտպանական մարտերու հարիւրամեայ տարելիցին նուիրուած գիտաժողովի հրաւէր

«Հայոց Ցեղասպանութիւն թանգարան-հիմնարկ» հիմնադրամը կազմակերպած է «Պայքար հայկական Կիլիկիոյ համար. Կիլիկիան եւ կիլիկիահայութիւնը Ա. Աշխարհամարտի աւարտէն ետք (1918-1921)» խորագիրով գիտաժողով մը, որ տեղի պիտի ունենայ 16-17 Ապրիլ 2020-ին: Գիտաժողովը կը նուիրուի Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն Կիլիկիոյ ինքնապաշտպանական մարտերու հարիւրամեայ տարելիցին:

Գիտաժողովին ներկայացուելիք զեկուցումները պէտք է վերաբերին (սակայն չսահմանափակուին) հետեւեալ թեմաներուն.

 

– Կիլիկիահայութիւնն Ա. Աշխարհամարտի նախօրեակին եւ պատերազմի ընթացքին,

– Կիլիկիոյ ժողովրդագրութիւնը, կիլիկիահայութեան թիւը Ա. Աշխարհամարտէն առաջ եւ ետք,

– Դէպի Կիլիկիա հայերու հայրենադարձութեան գործընթացը 1918-1919 թուականներուն,

–  Կիլիկիոյ կարգավիճակի շուրջ դիւանագիտական գործընթացները 1918-1921 թուականներուն (Վերսայի գագաթնաժողով, Հայ ազգային պատուիրակութեան գործունէութիւն, հայ-ֆրանսական, թուրք-ֆրանսական բանակցութիւններ եւ այլն),

– Կիլիկիոյ մէջ հայերու ինքնակազմակերպումը. հայկական ինքնավարութիւն հաստատելու փորձը 1920 թուականին,

– Կիլիկիահայութեան ինքնապաշտպանական մարտերը (Մարաշ, Հաճըն, Այնթապ, Զէյթուն եւ  այլն). Կիլիկիոյ մէջ Հայկական լեգէոնի գործունէութիւնը,

– Կիլիկիոյ մէջ ֆրանսական վարչութեան գործունէութիւնը. կիլիկիահայութիւն-ֆրանսական վարչութիւն փոխյարաբերութիւնները,

-Կիլիկիահայութեան ընկերային-տնտեսական, կրթական եւ մշակութային կեանքը 1919-1921 թուականներուն:

Գիտաժողովը բաց է հետազօտողներու լայն շրջանակի համար:

Գիտաժողովի դիմումները պէտք է ներկայացնել մինչեւ 2020 Յունուար 31: Ընտրուած մասնակիցներու վերաբերեալ տեղեկատւութիւնը պիտի հրապարակուի 2020 Փետրուարի սկիզբը: Ներկայացուող դիմումները պէտք է ընդգրկեն ամփոփում` 200-250 բառ, եւ հեղինակի համառօտ գիտական ինքնակենսագրութիւնը (CV):

Դիմումները պէտք է ուղարկուին կազմակերպչական յանձնաժողովին հետեւեալ ել. հասցէով` cilicia100@gmail.com:

Գիտաժողովի աշխատանքային լեզուներն են հայերէնը եւ անգլերէնը:

Գիտաժողովի մասնակցութիւն անվճար է: