Նոյեան տապանը փնտռող թուրք փորձագէտը կը պնդէ, որ կրցած է լուսանկարել խորհրդաւոր ընդյատակեայ զանգուածը։
FoxNews-ը, յղում կատարելով թրքական ԶԼՄ-ներուն, կը յայտնէ, թէ գիտնականները հաստատած են, որ կրցած են լուսանկարել նաւի տեսք ունեցող ստորգետնեայ զանգուածը, որ կէս դար առաջ յայտնաբերուած է արեւելեան Թուրքիոյ մէջ։
Աւելի վաղ գիտնականները կը պնդէին, որ Նոյեան տապանը թաղուած է ժայռապատ տեղանքի տակ, որ յայտնի է Տուրուփինար անուանումով։ Սակայն երկրաբանները կը համարեն, որ այն պարզապէս ժայռային գոյացութիւն է։
Anadolu գործակալութեան տուեալներով, նկարահանող խումբը, տապանը որոնող Սեմ Սերթեսընի գլխաւորութեամբ, կը պնդէ, որ պատկեր ստացած է։
Խումբը յայտարարած է, որ տապանի մասին ապագայ փաստագրական ֆիլմին մէջ ցոյյց պիտի տան լուսանկարները, որ ստացած են «մալուխներու միջոցով գետնի տակ ելեկտրական ազդանշաններ ուղարկելու միջոցով»։
Շատ որոնումներու հանրայայտ ուղղութիւն է Տուրուփինարը։ Այն խոշոր կառոյց է՝ արեւելեան Թուրքիոյ Թենտիւրեք լերան վրայ։
3D-սքանաւորումը կրնայ մէկընդմիշտ ապացուցել, թէ արդեօք Տուրուփինարը այն տեղն է, ուր կը գտնուի տապանը։ Պատկերը կրցած են ստանալ համակարգչային ճարտարապետ եւ հնագէտ Էնտրիւ Ճոնսընի, ինչպէս նաեւ երկրաբնագէտ Ճոն Լարսընի շնորհիւ։
Ճոնըն ու Լարսընն իրենց բացայայտումներու մասին յայտնած են Սերթենսընին, որ 2017-ին նկարահանուած «Նոյեան տապան» փաստագրական ֆիլմի տնօրէնն է։ Սերթենսընը խոստովանած է, որ լուսանկարին մէջ թերեւս տապանը չէ, այլ ուրիշ բան է։
«Այն նաւ է, սակայն շատ շուտ է այն Նոյեան տապան անուանելը»,- ըսած է ան։
Առաջին անգամ այդ տեղը 1959-ըն լուսանկարած է քափիթան, փորձառու քարտէզագիր Իլխան Տուրուփինարը։ Առաջին գիտական հետազօտութիւնը եղած է միայն 26 տարի անց, եւ հետազօտողները եկած են այն եզրակացութեան, որ «հնարաւոր է՝ այդ ստորգետնեայ զանգուածը նաւ ըլլայ»։