«Ակունք» ազգագրական խումբը 45 տարեկան է

«Պահպանենք մեր ազգային մշակոյթը». ահա այս սկզբունքով եւ գաղափարով ստեղծման օրէն կ՝արարէ «Ակունք» ազգագրական խումբը։

«Ակունք» ազգագրական խումբը այսօր արդէն կը տօնէ իր ստեղծման 45-ամեակը եւ Դեկտեմբեր 8-ին, Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ «ԱԿՈՒՆՔ 45-ամեակ» յոբելինական համերգը, որ կ՝իրականացնէ Արսէն Գրիգորեան, որուն նոյնպէս բախտ վիճակուած է ակունքցի ըլլալու։ Այս մասին կը հաղորդէ http://ankakh.com/-ը։

«Ակունք» ազգագրական խումբը ստեղծած է Մարօ Մուրատեանը, եւ այնպիսի ժամանակներու մէջ, երբ խորհրդային տարիներուն արգիլուած էր ազգային մշակոյթի որեւէ դրսեւորում։

«Ակունք» խումբը եւ աւանդական, ազգագրական մշակոյթի պահպանման ու տարածման շարժումը, որուն հիմքը հայ երգի հայրիկ Հայրիկ Մուրատեանն է, ազգային զարթօնքի պտուղներէն մէկն էր, որմէ սնուեցան եւ այսօր ալ կը շարունակեն սնուիլ բազմաթիւ սերունդներ։

Այս տարիներուն ընթացքին՝ «Ակունք» ազգագրական խումբը ծառայած է հայ աւանդական մշակոյթին, ներկայացուցած ամբողջական՝ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանի տարբեր ազգագրական գօտիներու երգեր, պարեր եւ երաժշտական նմուշներ՝ աշխատանքային, հարսանեկան, քնարական, հայրենասիրական ու հոգեւոր երգեր։

1981-ին՝ Ստեփան Պօղոսեանի շնորհիւ՝ «Ակունք»-ը պաշտօնապէս կ՝արձանագրուի իբրեւ Ազգային ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան պետական խումբ։

«Ակունք» ազգագրական խումբը իր մեծ ներդրումը ունեցած է նաեւ հայկական մշակոյթի տարածման գործին մէջ ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ արտերկրի մէջ՝ Էսթոնիա, Գերմանիա, Ալմա-Աթա, Քիեւ, Մոսկուա, Ռոստով, ԱՄՆ եւ Գանատա, Վրաստան, Իտալիա, Սիցիլիա, Թուրքմենիստան, Հնդկաստան, Պելճիքա, Գերմանիա, Սուրիա, Եգիպտոս եւ այլուր:

Այսօր ալ խումբը հաւատարիմ է իր առաքելութեան։

««Ակունք» ազգագրական խումբը 45 տարի պատշաճ կերպով՝ անաղարտ կը ներկայացնէ հայ աւանդական երգերն ու պարերը՝ իբրեւ սկզբունք ունենալով հայ ազգային երաժշտական ու ծիսական, մշակութային արժէքաւոր սովորոյթներու եւ  աւանդոյթներու պահպանումը»,- կ՝ըսէ Արսէն Գրիգորեան եւ աւելցնէ, թէ ջանք չեն խնայած յոբելինական երեկոն յիշարժան դարձնելու համար, որուն ընթացքին պիտի ցուցադրուի խումբի 45-ամեայ պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցին Հայաստանի աւանդական երգի-պարի բազմաթիւ խումբեր, անուանի մշակութային գործիչներ։

«Յոբելինական համերգը եւս մէկ առիթ է մասնակիցը դառնալու անոնց կատարած անձնուէր աշխատանքին եւ մեր յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայրիկ Մուրատեանին եւ անոր դուստր՝ Մարօ Մուրատեանին, ինչպէս նաեւ մեր միւս երախտաւորներուն՝ Սարգիս Պաղտասարեան, Յարութիւն Փանոսեան, Սարգիս Ալաւերդեան, Արթուր Շահնազարեան, որոնց նուիրական աշխատանքին շնորհիւ այսօր ալ կը շարունակուի մեր ազգային աւանդական մշակութի յաղթական երթը դէպի յաւէրժութիւն»,- կ՝ըսէ Արսէն Գրիգորեան։