Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ ներկայ գտնուած է ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ, երգահան Ռոպերթ Ամիրխանեանի 80-ամեակին նուիրուած «Այստեղ Հայաստանն է» խորագիրը կրող յոբելեանական համերգին։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ վարչապետի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Համերգին մասնակցած են Արցախի պետական ճազ նուագախումբը, Արցախի պետական երգչախումբը, ՀՀ Զինուած ուժերու երգչախումբը, Ստեփանակերտի Սայաթ-Նովայի անուան երաժշտական ուսումնարանին կից վարժարանի «Ծիածան» մանկական երգչախումբի մենակատարները: Ներկայացուած են Ռոպերթ Ամիրխանեանի «Ժպտա», «Այնպէս ուզում եմ», «Կարմիր ծաղիկ մը գարունի», «Քեզ հետ, իմ սէր», «Պատրաստել ենք մենք Նոր տարուայ հանդէս», «Երազի իմ երկիր», «Հայի աչքեր», «Պույպույ մկնիկ» եւ այլ սիրուած ստեղծագործութիւններ: Բոլոր ստեղծագործութիւնները Ռոպերթ Ամիրխանեանի նոր երանգաւորմամբ ճազ նուագախմբի եւ երգչախումբի համար հնչած են առաջին անգամ։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջնորդութեամբ՝ ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ, երգահան Ռոպերթ Ամիրխանեանը երաժշտարուեստի բնագաւառին մէջ ներդրած աւանդի, հայ երգարուեստի զարգացման գործին ունեցած մեծ վաստակի համար պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 1-ին աստիճանի շքանշանով։ Վարչապետը Ռոպերթ Ամիրխանեանին յանձնած է պետական պարգեւը եւ եւս մէկ անգամ շնորհաւորած 80-ամեայ յոբելեանի առթիւ։