ՌՈՊԷՐԹ ԱՄԻՐԽԱՆԵԱՆԻ 80-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ

1994-ի Ձմեռն էր։

12-րդ դասարան էի, էինք։

Աւարտական տարի ըլլալուն համար, բնականաբար շատ սուղ էին մեր ժամերը։ Դպրոցի բոլոր դասարաններուն համար, տեղական կամ դուրսէն ժամանած խումբերու առաջարկուած ելոյթներուն չէինք մասնակցեր՝ օրինակ, բայց այս համերգը… ուրիշ էր։

Ամիսներ առաջ Հալէպ ժամանած էր Մաէսթրօ Ռոպէրթ Ամիրխանեանը եւ այդ շրջանին ստանձնելով Հալէպի անուանի «Սպենդիարեան» երգչախումբին ղեկավարութիւնը, համերգ մը պատրաստած էր երգչախումբին հետ…

Կասկած չունիմ՝ որ հալէպցի ընկերներս, որոնց մէկ մասն ալ այդ երգչախումբին մէջն էին, հարազատներս, բարեկամներս, ինծի պէս՝ իրենց սրտերուն մէջն դեռ վառ է պատմական այդ համերգին տպաւորութիւնը անջնջելի…

Կը կարծէք որ չափազանցեցի՞ այդ «պատմական»ով…երբե՛ք։

Դժուար որ կարենամ ստոյգ յիշել, թէ քանի՞ համերգ տուաւ այդ տարին «Սպենդիարեան» երգչախումբը, բայց անվարան կրնամ հաստատել, որ անկախ բոլոր հաշիւներէն, գաղութը, բոլոր հալէպահայ գաղութը համերգ առ համերգ լեցուց այդ համերգասրահին շարքերը….

Եւ ինչպէս ո՞չ, երբ երգչախումբի երգողներուն թիւը ինքնին, բազմիցս աւելցած էր Մաէսթրօյին հմայիչ եւ նաեւ հաճելի խմբավարութեան ընթացքով…

Ինչպէս ո՞չ, երբ Մաէսթրօ Ամիրխանեանին ընտրած երգերուն ցանկը, հայկական բազմաոճ ամենագեղեցիկ երգերու մատեան մըն էր կարծես…

Այո՛, այդ տարիներուն թերեւս որպէս դպրոցականներ, ծանօթ ըլլայինք  «Առաւօտ Լուսոյ»-ին, «Կիլիկիայ»-ին, եւ որոշ երգերու, բայց կասկած չունիմ որ մեզմէ շատե՜րը միայն այդ համերգի ընթացքին ծանօթացան «Ալագեազ Բարձր Տեղ Ա»-ին,

«Քըզի Մեռնիմ Անուշ Եար Ճան»-ին, «Զինչ Ու Զինչ»-ին եւ ուրիշ շատ ժողովրդական ամենահարազատ երգերուն, որոնցմէ վերջ պիտի հնչէին Անոր, Մաէսթրոյին, Ամիրխանեանին երգերը…

Երաժշտական ամենանուազ իմացութիւն եւ լսողութիւն ունեցող մը, առանց վիճելու կրնայ հաստատել, որ կա՛ն երգեր եւ կան նաեւ՝ «Ամիրխանեանին երգերը», կայ անոր ո՛չ մէկ ատեն չզիջող խօսքերու ընտրութեան բարձրագոյն որակը, անոր դիւթող, կախարդող եւ հաւանաբար Մեծարենցին բոլոր բայերը սպառող «հարմոնիաները»,  «աքորտները», անոր զարմանալիօրէն դէպի երգ քաշող կենդանի, խօսուն, յուզառատ եւ ստեղծագործաբար երբե՛ք ինքզինքը չկրկնող նուագակցութիւնը……

Այսօր, այդ համերգէն, ինծի, այդ երգողներուն եւ լսողներուն մնացած է «քասէթ» մը, թերեւս ալ

«սիտի» մը, որ տարիներ ու տարիներ դառնալով իր գործիքին մէջ, այդ բոլոր երգերը դրոշմած է

բոլորի՜ս հոգիներուն մէջ։

Որմէ՞կ երգը յիշեմ։

Որմէկը կրնամ չյիշել…

«Արեւոտ Անձրեւ», «Անանձնութիւն», «Այնպէս Ուզում Եմ», «Քեզ Հետ Իմ Սէր», «Հայի Աչքեր», «Կարմիր Ծաղիկ Մը Գարունի», «Քաղաքամայր Իմ Երեւան», «Հէյ Արցախ», «Մեր Չքնաղ Երկիր» եւ եւ…

Որմէ՞կը ձեզի անծանօթ է։

Որմէկու՞ս սիրտը չէ թրթռած անոր ամենապարզ, ամենասաց եւ ամենահաս «Երազ Իմ Երկիր Հայրենի»-ով…

Սքանչելութեան ուրի՜շ աշխարհ են անոր մանկական երգերը, ֆիլմերու համար գրած երաժշտութիւնը, եւ ինչ խօսք՝ դեռեւս շատերուն անծանօթ, Ամիրխանեանին դասական, սիմֆոնիք եւ գործիքային ստեղծագործութիւնները։

Տարեդարձն է Մաէսթրօ Ամիրխանեանին…

Ի՞նչ նշանակութիւն ունի, թէ քանիերո՞րդ, ի՞նչ ամեակ եւ ի՞նչ թիւ է, երբ անոր երէկ, անցեալ տարի, 5 տարի, թէ 25 կամ 30 տարի առաջ գրած երգը, այսօր մեր մէջն է…

Դիտեցէ՜ք Ռոպէրթ Ամիրխանեանին վերաբերող որեւէ տեսանիւթ, որուն մէջ կը նուագէ եւ կ’երգէ ան, արդեօք կրնա՞ք գտնել հատ մը, որուն մէջ իր շուրջը գտնուողներուն չ’երգեցներ իր հետ, իր նշանաւոր «Միացէ՜՜ք  Խնդրեմ»-ը չ’ըսեր եւ կամ երգի ընթացքին, երգողներէն խումբի մը, երկրորդ ձայն անցնիլ չ’առաջարկեր (անշուշտ իրենց ճիշդ ձայնը տալէն վերջ)…

Կա՞յ արդեօք Երեւանի Կոմիտասի Անուան Երաժշտանոցի որեւէ բաժին աւարտած ուսանող մը, որ գոնէէէէ մէ՛կ անգամ ներկայ եղած չըլլայ Մաէսթրոյին միշտ դուռը բաց հանդիպումներուն եւ զարմանահրաշ «սօլֆէճիօ»-ի դասերուն….

Որքա՜ն բախտաւոր ե՛մ եւ ե՛ն բոլոր անոնք, որոնք  անփոխարինելի՜ առիթը ունեցած են այդ կախարդանքը իրոք վայելելու…

Այսքա՜ն ներկայ, այսքան կենդանի, այսքան շնչո՛ղ, իր անկեղծ խօսք ու մեղեդիով մնացո՛ղ, նորովի թարմացող ու ստեղծագործող մեր սիրելի՜՜ Մաէսթրօ Ամիրխանեան…

Պիտի միանամ ես Ձեզի, Ձեր առ Աստուած բարձրացուցած խնդրանքով, որ Ան երբե՜՜ք չդադրեցնէ, չխամրեցնէ Ձեր մէջ  ստեղծագործելու այդ հուրը՝ վառ…

Երգեր, շատ երգեր գրեցէ՜՜ք դուք, երգեցէ՜ք, եւ մեզ ալ երգեցուցէք…

Հալէպի այդ համերգին, եթէ՜՜ դուք յաջողեցա՛ք Ձեր շուրջ բոլորել երիտասարդութիւն մը, որուն մէջ շատ բան սերմանեցիք… ի՞նչ կըսէք, այսօր գուցէ նոյնը ընէ՜ք, բայց ոչ թէ մէ՛կ քաղաքի մէջ…

Ձեր փառաւոր ամեակին նուիրուած համերգներու շարքը աւարտելէն վերջ,

Գուցէ շրջիք շա՜տ քաղաքներ ու հայ գաղութներ…

Նոր երգչախումբ մը կազմէք….

Նորէ՛ն սկսիք հայ երգին ակունքներէն՝ մաքուր…

«Առաւօտ Լուսոյ»-էն հասնիք մինչե՜՜ւ «Ամիրխանեան»

Գուցէ Ձեր երգչախումբի երգողներուն ականջներէն գոնէ թօթափէք այսօրուան պիղծը՝ ծափահարուող…

Ճամբայ Ելէ՜ք

Չվարանի՜ք դուք, Մաէսթրօ, քանզի այսօր եւ մի՛շտ, ամենուրէք պիտի գտնէք Ձե՛ր երգեցնելուն եւ Ձե՛ր երգի խորին խորհուրդին կարօտ, մե՜՜ծ թիւով սպասողներ…

 

Սեւան Սեմէրճեան