Վերջին քսանամեակին՝ ՀԲԸՄը 225 միլիոն տոլարով նպաստած է Հայաստանին

ՓԱՍԱՏԻՆԱ, «Արմինիըն Օպզըրվըր».- ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնին մէջ կայացած հաւաքի մը ընթացքին, ՀԲԸՄի նախագահ Պերճ Սեդրակեան յայտարարեց, թէ վերջին քսանամեակին, բարեսիրական այդ կազմակերպութիւնը 225 միլիոն տոլարի հասնող օժանդակութիւններ տրամադրած է Հայաստանին։

Ան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց մարդասիրական այդ գործունէութեանց մասին, սկսելով ուսանողներու տրամադրուող կրթանպաստներէն ու Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին տրամադրուող աջակցութենէն, հասնելով մինչեւ Արաբկիրի, Մալաթիոյ եւ Նորքի մանկական կեդրոնները, ամառնային ճամբարները եւ կարիքաւոր տարեցներու սնունդ տրամադրելու նպատակով գործող շարք մը կեդրոններ։

Ան նշեց, թէ օժանդակութիւններ կը տրամադրուին նաեւ Արցախի Սենեկային նուագախումբին ու Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի Արցախի մասնաճիւղին։

Սեդրակեան խօսեցաւ նաեւ վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՀԲԸՄի ընդհանուր ժողովին եւ այդ առիթով կազմակերպուած միջազգային խորհրդաժողովին մասին։

Հանդիպման բացումը կատարեց ՀԲԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետուհի՝ իրաւաբան Թալին Եագուպեան, խօսելով իրագործելի շարք մը ծրագիրներու մասին։