Տարուան  Յունուար-Հոկտեմբեր ամիսներուն Արցախ այցելած է 40097 զբօսաշրջիկ

Թարմ ցուցանիշներ ԱՀ զբօսաշրջութեան ոլորտէն.

2019 Յունուար-Հոկտեմբեր երկարող ժամանակահատուածին ԱՀ այցելած է 40097 օտարերկրեայ զբօսաշրջիկ, որուն 19568-ը` ԱՊՀ երկիրներէն, 20529-ը` այլ երկիրներէ (ԱՄՆ, Իտալիա, Ֆրանսա)` գերազանցելով նախորդ տարուան նոյն ցուցանիշը (27089) 13008-ով կամ 48%-ով:

Հիւրանոցային տնտեսութեան կառոյցներու (ՀՏԿ) թիւը աճած է 28-ով` կազմելով 91 կառոյց՝ 1940 մահճակալ-տեղով։ Վերջին տասը տարիներուն ընթացքին ՀՏԿ-ներու թիւը աճած է 5,3 անգամ՝ 17-էն հասնելով 91-ի:

ԱՀ-ի մէջ կը գործէ տասը զբօսաշրջային գրասենեակ եւ մէկ զբօսաշրջային գործակալ:

2019 Յունուար-Հոկտեմբեր ամիսներուն «Տիգրանակերտ» պետական պատմամշակութային արգելոցը ունեցած է 14559 այցելու, որ կը զիջի 2018-ի ցուցանիշին (16690) 13%-ով:
Յունուար-Հոկտեմբեր երկարող ժամանակահատուածին 1056 զբօսաշրջիկ դիմած է Ստեփանակերտի եւ Շուշիի զբօսաշրջային տեղեկատուական կեդրոններ (համապատասխանաբար 783 եւ 273):

Ազգային վիճակագրական ծառայութեան կողմէ իրականացուած հետազօտութեան իբրեւ արդիւնք պարզուած է, որ այցելած զբօսաշրջիկներու` Արցախը ընտրելու տեղեկատուական աղբիւրները եղած են հարազատները (41.2%), նախկին այցելութիւնները (24.9 %), համացանցը (11.4%), իսկ Արցախը ընտրելու հիմնական պատճառները` գեղատեսիլ բնութիւնը (31.1%), պատմամշակութային արժէքները ( 29.6%), մասնագիտական այցերը (9.1%), այլ (22.7 %):