Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Դեկտեմբեր 1-ին շրջանառութեան մէջ դրուած է նամականիշով գեղաթերթիկ՝ նուիրուած «Մեծանուն հայեր. Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակը» թեմային:
ՀՀ բարձր ճարտարագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ գեղաթերթիկի մարումը իրականացուցած են ՀՀ բարձր ճարտարագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեանը, ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը, Տէր Անուշաւան եպիսկոպոս Ժամկոչեանը, Ֆիլատելիստներու միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեանը, «Հայփոստ» ՓԲԸ-ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Հայկ Աւագեանը:
Գեղաթերթիկը տպագրուած է Ֆրանսայի «Cartor» տպագրատան մէջ՝ 20,000 տպաքանակով:
Գեղաթերթիկի նամականիշին վրայ պատկերուած է հայ վարդապետ, երգահան, երգիչ, երաժշտական էթնոլոկ, երաժշտագէտ եւ ուսուցիչ Կոմիտասը (1869-1935թթ.)` Սողոմոն Սողոմոնեան: Նամականիշին վրայ նաեւ տեղադրուած է UNESCO-ի նշանակը, քանի որ Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանը ընդգրկուած է UNESCO-ի՝ Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2018-2019 թթ. Օրացոյցին մէջ:
Գեղաթերթիկին վրայ պատկերուած են Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարը եւ Կոմիտասի ստորագրութիւնը: